Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Իւրաքաչիւր անձ ունի երկու երիկամներ (kidney), որոնք կը գտնուին ողնաշարի (vertebral column) երկու կողմերը, որովայնի խոռոչի ետեւի պատին վրայ եւ ստոծանիին (diaphragm) տակը: Երիկամները որովայնին մաս չեն կազմեր: Աջ երիկամը կը գտնուի լեարդին ետեւը, իսկ ձախը փայծաղին (spleen) ետեւը: Երիկամները կարմիր սրճագոյն լուբիայի նման, սահուն օրկաններ են: Իւրաքանչիւր երիկամ ունի 10-12 սմ. երկարութիւն, 5 սմ. լայնք, 3 սմ. խորութիւն եւ 120-140 կրամ ծանրութիւն: Անոնք կը շարժին վեր վար ստոծանիի շարժումներուն հետ, շնչառութեան ընթացքին:
Երիկամներու վերին պատին բակած են մակերիկամները (adrenal glands):
Իւրաքանչիւր երիկամ պաշտպանուած է պատեանով մը (capsule) եւ կազմուած է երկու շերտերէ՝
Ա. Արտաքին շերտ (cortex).
Բ. Ներքին շերտ (medulla).
Ա. Արտագին շերտին մէջ կը գտնուին երիկամի արտաթորումի գործօն միաւորները՝ nephron-ները, որոնք կազմուած են կծիկներէ (glomeruli): Արեան զտումը եւ մէզի կազմութիւնը տեղի կ՛ունենայ nephron-ներու կծիկներուն մէջ:
Երիկամները կազմուած են 2-2.5 միլիոն nephron-ներէ:
Բ. Ներքին շերտը ունի 8 կոնաձեւ բաժիններ, որոնք կը կոչուին երիկամային բուրքեր (renal pyramids), որոնք կ՛ընդունին nephron-ներուն մէջ կազմուած մէզը եւ կ՛ուղղեն զայն դէպի երիկամային պզտիկ սկահակներ (calyces): Երկու-երեք պզտիկ սկահակներ միանալով կը կազմեն երիկամային երկու մեծ սկահակները, որոնք կը բացուին երիկամի աւազանին (renal pelvis) մէջ: Մէզը հասնելէ ետք երիկամի աւազան, կ՛ուղղուի դէպի միզափող (ureter):
Երիկամները արտաթորութեան կարեւոր օրկաններ են: Անոնց արտազտիչ գործունէութիւնը մէզի գոյացումն է:
Երիկամները՝ երկուքը միասին, կ՛ընդունին օրական մօտաւորապէս 200 լիթր արիւն, որ կը ձերբազատուի իր մէջ կուտակուած թունաւոր արգասիքներէն (waist products), աղերէն եւ ջուրի աւելցուքներէն: Շատ մը արգասիքներ, որոնք կը գոյանան մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) ընթացքին կ՛արտաթորուին երիկամներուն մէջ: Անոնք կը պարունակեն բորոկածնային-ազոթային (nitrogenous) արգասիքներ, օրինակ՝ միզանիւթ (urea), որ կը յառաջանայ սպիտակուցներու նիւթափոխանակումէն: Զտուած արիւնը ձգելով երիկամները կը վերադառնայ սիրտ: Իսկ 200 լիթր արիւնէն գոյացած 2-2.5 լիթր մէզը կը մղուի դէպի միզափող, այնտեղէն միզապարկ (urinary bladder) եւ ապա՝ միզուկ (urethra):
Միզափողի երկարութիւնը 12-13 սմ. է: Կիներուն միզուկը 3.5-4 սմ. է, որ կը բացուի հեշտոցի (vagina) յառաջամասը: Իսկ տղամարդոց մօտ անիկա ունի 20 սմ. երկարութիւն, որուն վերջին բաժինը կը գտնուի առնանդամին (penis) մէջ: Տղամարդոց միզուկը կը կրէ մէզին հետ նաեւ սերմնահեղուկը (semen) շագանագեղձի (prostate gland), սերմնաբշտիկի (seminle vesicle), ամորձիքներու (testicles) եւ սերմնածորանի (vas deferens) հեղուկները:
Երիկամներուն մէջ արտադրուած «Ռենին» (Renin) ներազդակը (hormone) առնչուած է երիկամներու ներզտիչ գործունէութեամբ:
Երիկամները ինքնագործ օրկաններ են: Ջուրի եւ աղերու արտածորումը (excretion) կախեալ է արեան աղային բաղադրութենէն:

Երիկամները վերոյիշեալ շատ կարեւոր երկու դերակատարութիւններէն բացի ունին նաեւ այլ կարեւոր դերակատարութիւններ եւ ներգործութիւններ.
Կը պահեն արեան նատրիումը (Na) եւ կալլիումը (K) ինչպէս նաեւ մարմինի հեղուկներու հաւասարակշռութիւնը,
Կը հսկեն մարմինի զարկերակային ճնշումին վրայ,
Կը ներծծեն արեան ճամբով իրեն հասած ջուրը եւ շաքարը,
Կը նպաստեն D կենսանիւթի արտադրութեան,
Կ՛արտադրեն ներազդակ մը, որ կը գրգռէ ոսկրածուծը արտադրելու համար արեան կարմիր գնդիկներ,
Կ՛արտադրեն ներազդակ Renin-ը որ կ՛առնչուի արեան ճնշումի կանոննաւորման հետ,
Կը հսկեն արտաբջիջային եւ ներբջիջային նիւթերու փոխանակումին ինչպէս նաեւ արտաբջիջային հեղուկի ծաւալին եւ բաղադրութեան վրայ:
Երեկամներու վերոյիշեալ աշխատանքներու եւ դերակատարութիւններու իրականացումը կախեալ է անոնց առողջական վիճակէն:
Ոեւէ անհատ մէկ երիկամով կրնայ ապրիլ բնական ձեւով եւ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան:
Երիկամներն ալ մարմինի այլ օրկաններուն նման կրնան վատառողջ վիճակ ունենալ եւ չկարենալ գործել բնական ձեւով:
Երիկամներու անբնական երեւոյթները եւ հիւանդութիւնները ունին երկու խմբաւորումներ՝
Ա. Ժառանգական-ընդոծին,
Բ. Ընկալուած (acquired):
Ա. Երիկամային ժառանգական եւ ընդոծին (congenital) արատներ եւ հիւանդութիւններ.
ա. Երիկամի երակա-զարկերակային անբնական հանգուցաւորում (a-v aneurism): Այս անբնական կապակցութիւններով զարկերակները, ճնշումի տակ կը վնասուին եւ կը բացուին ու տեղի կ՛ունենայ արիւնահոսում.
բ. Ընդոծին երիկամի ջրակալում (hydronephrosis), ուր երիկամը կը ծաւալի եւ կը կ՛որսնցնէ իր բնական աշխատանքի թափը.
գ. Զոյգ երիկամներ (double kidney), ուր երիկամները կրնան գործել բնական կամ անբնական ձեւով.
դ. Պայտանման երիկամ (horseshoe kidney).
Այս պարագային երիկամը ընդհանրապէս կը գործէ բնական ձեւով,
ե. Բազմապարկ երիկամ (polycystic kidney)՝ երիկամային աշխատանքը կրնայ անբնական ըլլալ:
(Վերջը յաջորդիւ)
Barev bzhik. Harpoean. Bzhisk. Mi xndranq. Ev uxxucyun. Cnoxis. Mors. Votq@. Erakneri. Ev uracucyan het kapvac problrmner uni. Hima. Cnki hetevi masum sksvel e uzhex. Cav. Votq@ saht.urchim hima. Etcavneshatanhangstacnuminch xorhurd. Ktak. Nayev poshken mekn e. Kxndrey uxxucyun tayq karox em uxarkel. Epikriz@ Nayev. Canraqash e. Naxapes. Shnorhakalucyun
BAREV DZEZ XNDRUM EM INC KASEQ ERIKAMNERI MECH AYRUN KA DA VTANGAVOR E ?XNDRUM EM KASEQ INCH ANENQ
barev cez inc aselen erikamneri ijecuma da inch piti arvi ev inchkanov e vtangavor
Bjishk shatp xndrum em patasxaneq .horaqrojs mot erekamner@ chen katarum irenc funkcian u azot@ sshat barcr e.chi karoxanum mizel inch hetevanq karoxe ynenal
duq uzumeq bujeq esel uzumem caxem