ՍԱԼԲԻ ԹԵՔՔԵԼԵԱՆ
Երկրորդ տարին ըլլալով, Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը եւ աշակերտութիւնը Մայիս ամիսը հռչակեցին Հայ Դատի ամիս եւ «Մենք Ենք Ժառանգը» գլխաւոր լոզունգը իբրեւ նշանաբան ընտրելով, մեկնարկեցին Հայ Դատի ամիսը Ապրիլ 26ին, վարժարանի շրջափակէն ներս յատուկ հաւաքով, ուր ելոյթ ունեցան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն տիկիններ՝ Քարոլայն Սերմենօ, Կասիա Մահսէրէճեան եւ Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեան:
12 ուսուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբը ամբողջ Մայիս ամսուան տեւողութեան յաջողեցաւ իր գործունէութեամբ յատուկ բովանդակութիւն տալ եւ խանդավառութիւն ստեղծել աշակերտներուն մօտ, որոնք դասարան առ դասարան հաւաքաբար պաստառներու գաղափարներ յղացան եւ պատրաստեցին՝ ազգային գիտակցութեան եւ պահանջատիրութեան կարգախօսներով: Ասոնց զուգահեռ, շաբաթը երեք անգամ հարց-պատասխանի մրցանք տեղի ունեցաւ բոլոր դասարաններու համար՝ իւրաքանչիւրը իր տարիքին եւ մակարդակին համապատասխան: Հարց-պատասխանի մրցումներուն լաւագոյնները գնահատուեցան «Ես Եմ Հայ Դատը» գրութիւն կրող դաստակի կապերով:
Ամբողջ ամսուան ընթացքին հնչեցին հայրենասիրական եւ ազգայնաշունչ երգեր՝ առաւօտուն եւ արձակման ժամերուն, խանդ ու եռանդ ներարկելով աշակերտութեան հոգիներուն մէջ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական:
Ամսուան աւարտին եւ Հայաստանի առաջին անկախութեան 95ամեակին առթիւ, աշակերտները ոգեւորութեամբ տօնախմբեցին անկախութեան տարեդարձն ու ընթացիկ ամսուան գործունէութեան յաջող պսակումը:
Արդարեւ, Մայիս 23ին գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ Կասիա Մահսէրէճեանի: Մանկապարտէզի աշակերտները եռագոյն շապիկներ հագած, եռագոյն դրօշներ ծածանելով, հպարտ քայլերով տողանցեցին «Թաշճեան» մարզասրահէն ներս՝ «Հայ ենք մենք» երգի երաժշտութեան կշռոյթին համընթաց: Տողանցողներուն փոքրիկ թաթիկներու շարժումներէն եւ տոտիկներու հարուածներէն սրահը լեցուեցաւ անսահման խանդավառութեամբ:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի արի-արենոյշները կատարեցին դրօշակի արարողութիւն, եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Հայոց լեզուի եւ Հայ Դատի դասատու տիկին Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեան: Ան նաեւ «Power Point»-ի օժանդակութեամբ անկախութեան պատումը կատարեց, անդրադառնալով այդ փառապանծ յաղթանակի անմահ հերոսներուն: Ան լիարժէք կերպով ամփոփեց այդ դժնդակ օրերուն համայն հայութիւնը ղեկավարած անզուգական հերոս Արամ Մանուկեանին դերը, ինչպէս նաեւ զօրավարներ Մովսէս Սիլիկեանի, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի, Թովմաս Նազարբէկեանի եւ Դրոյի ղեկավարութիւնը՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Գարեգին Նժդեհի գործունէութեան, որուն շնորհիւ փրկուեցաւ եւ հայացաւ Զանգեզուրը: Նոյն «Power Point»ի ընթացքին տիկին Ղազարեան-Մելքոնեան փոխանցեց Սարդարապատի յուշահամալիրի զանգաշտարակի, թեւաւոր ցուլերու եւ արծիւներու ճեմուղիին խորհուրդները: Արծիւները կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդին խաղաղ կեանքը ապահովող քաջարի զինուորները, թեւաւոր ցուլերը կը պատկերեն մեր ժողովուրդին յաղթանակը, իսկ զանգաշտարակի զանգերը կը խորհրդանշեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն հնչած ղօղանջները, որոնք ահազանգեցին՝ ի մի բերելու հայ ժողովուրդի զաւակները օրհասական այդ օրերուն:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից էին նախակրթարանի աշակերտները՝ հայկական պարերով, ղեկավարութեամբ Սոնա Գէորգեանի: Սօսի Մարկոսեանի չորրորդ կարգի աշակերտները արտասանեցին «Կարօտի երգը», իսկ հինգերորդ կարգէն խումբ մը աղջիկներ ելոյթ ունեցան երկու հայկական պարերով: Եօթներորդ կարգէն Թաթիանա Ակոբօղլու եւ Անի Կեմիճեան սրտի խօսքեր արտասանեցին՝ ներշնչուած վերջերս իրենց ընթերցած Ահարոնեանի «Վազրիկ»ին հերոսութենէն եւ նուիրումէն: Երիտասարդ երգչուհի Էլենան, իր կիթառով միասին, մեկնաբանեց փունջ մը հայրենաշունչ երգեր՝ «Կարմիր կակաչներ», «Սարերի քամի», «Գետաշէն» եւ «Իմ փոքրիկ նաւակ»:
Ազգային երգերու ճոխ շարքով ելոյթ ունեցաւ Արա Սահակեան, որ իր գեղեցիկ ձայնով առինքնեց բոլոր ներկաները:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ»ով՝ մասնակցութեամբ բոլոր աշակերտութեան: