
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Խառն ժողովը այսու կը յայտնեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ու յատկապէս Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակներուն, թէ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան նշանակուած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Տէր հայրը իր հովուական ծառայութեան պիտի սկսի 1 Յուլիս 2013ին։
Կիրակի, 7 Յուլիսին, Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան ու Վարդավառի տօնին, տէր հայրը իբրեւ հոգեւոր հովիւ իր անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ սրբազանին, որ ծխական համայնքին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ նոր հոգեւոր հովիւը։
Գարեգին քահանայ Պետուրեան (աւազանի անունով՝ Հրայր) ծնած է 1983ին, Քեսապ, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը, Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանէն։ 1995ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, Անթիլիաս, որուն իննամեայ ուսումնական շրջանը ամբողջացուցած է 2004ին՝ հետեւելով աստուածաբանութեան, եկեղեցագիտութեան եւ հայագիտական դասընթացքներու։ Եղած է անդամ եւ ներկայացուցիչ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարաններու խորհուրդին (ATIME)։ Մասնակցած է կրօնական եւ երիտասարդական զանազան համագումարներու (Կիպրոս, Սուրիա, Եգիպտոս, Յորդանան, Լիբանան)։
Երկու տարի պաշտօնավարած է Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանէն ներս։ 2005-2008 եղած է դպրապետ ու երգչախումբի խմբավար՝ Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ։ Վարած է Կիրակնօրեայի ուսուցիչներու եւ երիտասարդներու Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն եւ միջդպրաց դասերու ծիսագիտական եւ շարականագիտական դասընթացքներ։
2006-2008 հետեւած է Հովուական եւ տեսական աստուածաբանութեան ուսման, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն ներս (NEST), Պէյրութ, Լիբանան:
Հոկտեմբեր 2008ին, Սեւան Հանէշեանի հետ կազմած է իր ընտանեկան բոյնը։ Ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուած ու օծուած է 8 Մարտ 2009ին, Քեսապի մէջ, Օշական արք. Չօլոյեանի ձեռամբ՝ վերակոչուելով Գարեգին քահանայ, ի յիշատակ համագիւղացի երանաշնորհ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ապա՝ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։
Հոկտեմբեր 2009էն մինչեւ Մայիս 2013, ան հովուական ծառայութիւն կատարած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս: 2011-2013 Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման հետեւած է ու վկայուած Մագիստրոսի վկայականով՝ Պոսթըն քոլեճի Աստուածաբանական համալսարանէն։
Տէր հայրն ու երէցկինը ունին երկու դուստրեր՝ Մեղեդի եւ Նարէ:
Տէր հօր կը մաղթենք յաջողութիւն՝ իր ծառայական աշխատանքներուն մէջ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ