
ՇԱՔԷ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Երգը ցեղի մը հոգեկան աշխարհի նախնագոյն արտայայտութիւնն է. պահանջ մըն է մարդուն՝ այնքա՛ն կենսական, որքան արեւուն ճառագայթները բուսական աշխարհին:
Տարբեր եղաւ հայոց ճակատագիրը իր վերիվայրումներով: Վեց դարերու վրայ տարածուած խաւարապատ պատմութիւն մը տրորեց հայ կեանքը: Պահ մը թուեցաւ, թէ այլեւս մարած էր հզօր շունչը մեր ցեղային ոգիին: Բայց ո՛չ, զարմանահրաշ այդ շունչը կենդանի է տակաւին ժողովուրդի հոգիին մէջ:
Ստրկութիւն, ջարդ, հալածանք, ապա յեղափոխական պայքարի հերոսական մարտնչումներ, ողբերգական եւ դիւցազնաշունչ դէպքերով հարուստ շրջան մը արտայայտութիւն գտան մեր նոր գրականութեան եւ մեր երգերուն մէջ:
Տեղեկանալէ ետք Նշան Ջաղացպանեանի վերջին 15 տարիներու եւ յատկապէս մօտիկ անցեալի ահագին վաստակին մասին՝ պարտք կը զգամ համառօտ գնահատագիրս յանձնել թուղթին:
Համառօտ ըսի, որովհետեւ իմ նախորդներս համապարփակ տարողութեամբ ներկայացուցած են Նշան æաղացպանեան մարդն ու արուեստագէտը եւ իր անցած լուսաւոր ուղին:
Ես շեշտս կ՛ուզեմ դնել Հայաստանէն Լիբանան, Լոս Անճելըսէն Նիւ Եորք նոր օրերու համերգաշարերու, հրատապ երգերու եւ զանգուածները հայ երգով պատուաստելու իր անձնազոհ նուիրումին վրայ: Ան՝ մեզմէ շատերու նման, գիտակից իր առաքելութեան, համոզուած է, թէ հայ երգը մայրենի լեզուի, մշակոյթի, դպրոց-եկեղեցւոյ կողքին մեծ դեր ունի սերունդներու դաստիարակման եւ հայապահպանման գործընթացին մեջ:
Տարիներու թաւալումին հետ, Հալէպ ծնած ու հայ երգի հնչիւններով սնած պատանին՝ իր բնածին հզօր ձայնով ու տաղանդով, զարգացնելով իր արուեստը, զայն կը դնէ հաստատ ու վաւերական հիմերու վրայ, դառնալով ժողովրդական հայրենաշունչ քնարական եւ յեղափոխական երգերու վարպետ կատարող ու սիրուած երգիչ:
Տասնամեակներ շարունակ ողողելէ ետք համատարած Սփիւռքը իր երգերով, համերգներով՝ ռատիօժամ, պատկերասփիւռի կայան, ձայներիզներ, CD-ներ, DVD-ներ եւ այլն, կը հաստատուի Լոս Անճելըս: Հոս եւս իր առջեւ կը բացուի գործունէութեան բեղուն դաշտ մը: Արհեստի ճամբով իր ընտանիքին բարօր կեանք մը ապահովելէ ետք կը շարունակէ մշակութային կեանքը:
Սկսած 1967էն, մայր հայրենիք կատարած իր բազմաթիւ այցելութիւններուն ընթացքին, ան ծանօթացած է հայրենի շատ ու շատ երաժիշտ-երգիչներու հետ, արժանացած՝ անոնց ջերմ վերաբերմունքին, միաժամանակ հարստացնելով իր երգարուեստը անոնց կենդանի օրինակով եւ ցուցմունքներով:
Այդ առնչութեամբ՝ առանձնապէս բաղդորոշ է եղած հայրենիք իր առաջին այցելութիւնը, երբ եռակի երջանիկ զուգադիպութեամբ, օդակայանին մէջ, իր քեռիին տղուն՝ Սարգիս Գասպարեանի, ղեկավարած երգչախումբի խնդրանքով իր երգած քանի մը երգերը, որոնք խոր տպաւորութիւն ձգած էին օրուան հանդիսատեսներուն եւ Հայաստանի կոմպոզիտորների միութեան նախագահ, աշխարհահռչակ երաժիշտ՝ Էդուարդ Միրզոյեանի վրայ, որ կարգադրութիւն մը ըրաւ Պետական ռատիօկայանի նուագախմբին մասնակցութեամբ, ձայնագրելու Մանուէլ Բեգլարեանի եւ Հենրիկ Անասեանի ջանքերով՝ Նշանի քսանէ աւելի երգերը եւ ձայնասփռելու զանոնք ներքին եւ Սփիւռքի հաղորդման բաժիններէն: Բան մը, որ մեծապէս կը նպաստէ սփիւռքահայ երգիչի համբաւի տարածուելուն ամբողջ հայութեան մէջ:
Ի դէպ՝ բացի մեծ երաժիշտ, հայրենասէր ու մարդասէր Էդուարդ Միրզոյեանէն, ժողովրդական երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի, Հենրիկ Անասեանի, Մանուէլ Բեգլարեանի եւ այլոց հետ Նշանի ունեցած ծանօթութիւնն ու անոնցմէ ստացած քաջալերանքն ու ցուցմունքները վճռական դեր կը խաղան երգիչի ինքնաճանաչման եւ կողմնորոշման մէջ: Գիտակցելով եւ բարձր գնահատելով այս հանգամանքը, փոխադարձաբար, Նշանը այդ բոլորին նկատմամբ կը տածէ խոր յարգանք եւ յարաճուն երախտագիտութիւն՝ ի խորոց սրտի:
2006ին Նշան Ջաղացպանեան վեցամսեայ երաժշտական ծրագիրներով կը մեկնի Հայաստան եւ կը ստանայ համապատասխան դիպլոմ-տեղեկանք «Էվրիկա Դօ» երաժշտական դպրոցէն: Ուսումնառութեան ընթացքին, հայրենիքի մէջ ան կը մշակէ եւ կը ձայնագրէ հարիւրէ աւելի արդիական, ժողովրդական, գուսանական, ազգային-յեղափոխական հայրենաշունչ երգեր:
2012ին Լիբանան այցելութեան ընթացքին երգիչը բազմաթիւ հրաւէրներ կը ստանայ հայկական տաբեր համայնքներու կողմէ ու իր դիւթիչ ձայնով կը ջերմացնէ մարդոց սրտերը, մնալով սիրուած երգիչ նաեւ նոր սերունդներուն կողմէ:
Այդ օրերուն ծնունդ կ՛առնեն երգիչին բառերով ու եղանակներով յօրինուած «Պուրճ Համուտի հերոսները» եւ «Մեր սիրուն Այնճար» երգերը (խօսք՝ Քնար Շխրտմեան), որոնք ուժ, կորով եւ հպարտութիւն ներշնչեցին տաճարներ կերտող եւ հայ օճախները պաշտպանող ժողովուրդի սիրտերուն մէջ: Լիբանանին նուիրուած երգերուն ընդմէջէն երգիչը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի հողին, ջուրին ու արեւուն, մարդկային ջերմութեան եւ սիրոյ դրսեւորումներուն:
Յայտնի երաժիշտ-երգիծաբան Արշակ Խնդիրեան, որ միաժամանակ տաղանդաւոր յօրինողն է Նշանի, յատկապէս Արցախի ազատագրութեան նուիրուած տասնեակէ աւելի երգերուն, իրաւացի է, երբ կը դրուատէ Նշանը ոչ միայն այն պատճառաւ, որ ան բոլորանուէր տարածող մըն է հայ երգի, այլեւ անոր համար որ «ան իր անձնական միջոցներով ալ կը քաջալերէ հայ երգի տարածումը, նորութիւններ են իր ոճը եւ ժամանակի անցուդարձերը ներկայացնող իր երգերը»:
Եւ իրօք՝ մեր ժամանակակից ազգային հասարակական, քաղաքական-պահանջատիրական նշանակալից ու հրատապ դէմքերու եւ դէպքերու հետ են կապուած Նշանի բոլոր երգերը: Այսպէս, օրինակ՝ մեր զոյգ վեհափառներուն, մեր 2րդ նախագահ Ռ. Քոչարեանին, Հայաստանի օգնութեան ֆոնտին նուիրուած երգերը գրուած եւ երգուած են Հայաստանի անկախութեան եօթնամեակին նուիրուած Լոս Անճելըսեան տօնակատարութեան, Սօսէ Մայրիկի մասին՝ անոր աճիւնը մայր հայրենիք փոխադրելու, «Լիզպոնի վրիժառու հնգեակի», Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին՝ անոնց սխրագործութիւններու տարեդարձին, Յովհաննէս Պատալեանի մասին՝ իր մահուան իսկ՝ Հրանդ Տինքին նուիրուած երգը՝ անոր զոհուելուն առիթներով, ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամային նուիրուած ձօնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի դրական ու հրատապ լուծման նկատառումով, Պէյրութի նուիրուած երգը՝ Լիբանանի հայարմատ նախագահի ընտրութեան առիթով, Հալէպի մասին՝ սուրիահայ համայնքի տագնապահար վիճակով է պայմանանաւորուած, եւ վերջապէս՝ Արցախեան ազատագրական սխրագործութեան նուիրուած տասնեակէ աւելի երգերը գրուած ու արիւնլուայ ազտամարտիկներու կողմէ երգուած են՝ ամբողջ հայութեան զօրակցութեան եւ անձնազոհ ազատամարտիկներու ոգեշնչման ձգտումով: Առ ի հաստատումն եւ գնահատումն արցախեան զօրակցութեան՝ տես ազատագրուած Արցախի Հանրապետութեան եւ Պետական ռատիօկայանի միատեղ պաշտօնական վաւերագիրը, զոր ստացած է կենաց-մահու ճակատագրական այդ օրերուն՝ բոցաշունչ ազատամարտիկ երգիչ Նշան Ջաղացպանեանը. «Մեծարգոյ պրն. Ջաղացպանեան, «Արցախ» խորագիրը կրող ձեր նոր ձայներիզն ու տեսաժապավէնը ջերմօրէն ընդունուեց ազատ ու անկախ ապագայի համար պայքարող արցախահայերիս կողմից: …Հանրապետական ռադիոյով մի քանի անգամ հնչեցին ձեր հայրենասիրական երգերը, որոնք ազատամարտիկների խոստովանութեամբ նրանց ոգեշնչում են, հեռուստահաղորդումներում շարունակում ենք հաղորդել ձեր հիասքանչ կատարումները: Շնորհակալութիւն նաեւ այն բանի համար, որ ձայներիզի վաճառքից ստացուած գումարը յատկացնելու էք Արցախի կարիքներին»:
Տեղին է յիշել հայ երգարուեստի մեծագոյն վարպետներէն Նշանի հոգեւոր ուսուցիչ, Յովհաննէս Պատալեանի այն պատգամը, զոր ան անձամբ յայտնեց Նշանին՝ իր սիրելի աշակերտին, իր վերջին այցելութեան Լոս Անճելըս, սրտառուչ զրոյցի ընթացքին. «Յետ այսու շեշտը պէտք է դնել Արցախի հերոսամարտի եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան վրայ»:
Ի պատիւ Նշանին, ուրախութեամբ եւ յարգանքով պէտք է նշենք, որ ան հաւատարիմ մնաց եւ սրբութեամբ իրագործեց եւ դեռ կը շարունակէ անխոնջ եռանդով տարածել իր ստանձնած առաքելութիւնը՝ Արցախեան հերոսամարտին եւ Հայ Դատին արծարծման ու պահանջատիրութեան, քսանէ աւելի իր նոր երգերով, որոնք գրուած են յատկապէս ի՛ր կատարման համար՝ հարազատ քեռիի՝ փիլիսոփայ-բանաստեղծ Գասպար Գասպարեանի կողմէ:
Վերջերս «USA Armenian Life Magazine»ի մէջ յուզումնախառն ուրախութեամբ կարդացի Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի համաերիտասարդական խմբաւորումին կազմակերպած մեծ համերգին մասին՝ ի նպաստ սուրիահայ, Քեսապ եւ Տէր Զօր ապրող տառապակոծ մեր քոյր-եղբայրներուն:
Հոս նոյնպէս, գլխաւորութեամբ թերթի խմբագիր Աբօ Չափարեանին, խումբ մը արուեստագէտներ, որոնց կարգին Նշան æաղացպանեան, սիրայօժար արձագանքեցին անոնց կոչին ու երգերով բալասան հանդիսացան հայոց վէրքերուն:
Իր վերջին ճգնաժամ աշխատանքի արդիւնքը եղան 8 DVD-ները, իւրաքանչիւրը 20 երգ, որոնց մէջ կը տողանցեն հայրենի բնաշխարհի տեսարժան վայրերը՝ հայրենակարօտ ունկնդիր սիրտերը ամոքելու թովչանքով: Ունի նաեւ 8 պատրաստի ձայներիզ, ընդ որում՝ վերջին երկուքը «Պահանջ երգով» նպատակասալց պիտակի տակ՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ուղեկցող իբրեւ շիկացած պահանջատիրութիւն…
Մեծ ներդրում եւ անչափելի վաստակ բացագանչելով միայն կը կարողանանք տալ անոր այս վաստակը գնահատող արդարամիտ չափանիշը:
Արդարեւ՝ այդ երգերը սահման չեն ճանչնար եւ ի զօրու են հասնելու հոն, ուր կայ հայրենիքի կարօտ ու անզիջում պահանջատիրութիւն ու պիտի մնան որպէս դասագիրք-ուղեցոյց, եւ ինչու չէ՝ ժառանգ՝ մեր գալիք սերունդներուն:
Ուրախալի է որ Նշան Ջաղացպանեան այսօր ալ կ՛երգէ նոյն պատանեկան ոգեւորութեամբ եւ հաւատքով, ինչպէս տասնամեակներ առաջ կ՛երգէինք ու կը պարէինք Լիբանանի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ:
Երախտաշատ երգիչը այսօր՝ աւելի քան երբեք, զբաղած է իր երգարուեստի առաքելութեամբ եւ անխտիր կը մասնակցի ազգային, մշակութային բազմազան ձեռնարկութիւններու ամէնուրեք, շռայլելով իր հայաշունչ ու ոգեւորիչ նշանակալից նպաստը, անվերջ կրկնելով. ծնողներուն ճիտին պարտքն է իրենց զաւակներուն մօտ շեշտելու հայ երգին նկատմամբ սէրը, հայ մշակոյթով, հայ երգով եւ միասնութեամբ հայը կը մնայ հայ:
Վարձքդ կատար, ձայնդ անսպառ, սիրելի Նշան…