ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ իրականութիւնը յուզող ղեկավարութեանց տագնապի ու հեղինակութեանց անկումի նորանոր դրսեւորումներուն դէմ յանդիման՝ հայ քաղաքական մտքի գլխաւոր օրակարգը դարձած է ազգային մեր ներուժին առաւելագոյն լարումն ու արդիւնաւորումը արգելակող Ներքին Չարիքին դէմ պաշտպանուելու, աւելին՝ զայն յաղթահարելու հրամայականը։
Որքան ալ մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին օրակարգի առաջնային խնդիր եղած է նոյն հրամայականը եւ որքան ալ ազգային փորձ կուտակուած է այդ Ներքին Չարիքը յաղթահարելու ճակատին վրայ, այսուհանդերձ՝ պատրաստի դեղատոմսեր չկան, եւ երկո՛ւ առումներով։
Առաջի՛ն առումով՝ նոր փորձառութիւն է մերօրեայ հայ իրականութիւնը յատկորոշող Հայաստանի վերանկախացման ու ազգային պետականութեան վերականգնման հանգրուանը։ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի հայութեան վրայ իր ունեցած բարեբեր ներգործութեամբ հանդերձ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանը տակաւին ճամբայ ունի համընդհանուր յայտարար մը առաջացնելու համար կազմակերպ հայութեան կեանքը հունաւորող ու առաջնորդող ազգային, պետական եւ քաղաքական ղեկավարութեանց միջեւ։
Ճիշդ է, Պերլինի Պատին քանդումով, Երկաթեայ Վարագոյրին անհետացումով եւ, ի վերջոյ, խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումով՝ հայրենի կողմն հայաշխարհի մեր ժողովուրդը «ազգայնացուց» իր պետական իշխանութիւնն ու հաւաքական իր կամքը արտայայտող քաղաքական ղեկավարութիւնը։
Նոյնպէս, խորհրդային ամբողջատիրական գաղափարախօսութեամբ նոյնացուած պետութիւնն ու կուսակցութիւնը վերջնականապէս բաժնուեցան իրարմէ։ Հայոց Եկեղեցին եւս ձերբազատուեցաւ պետութեան ձեռքին սոսկ խաղաքար մը ըլլալու իր դատապարտուածութենէն…
Բայց 70ամեայ «ժառանգութենէն» վերապրեցան այլասերիչ վարակներ, ինչպիսին պետութեան եւ հասարակութեան միջեւ խորթութեան զգացումն ու կուսակցութեանց եւ ազգային կառոյցներու նկատմամբ ժողովրդային անտարբերութիւնն ու թերահաւատութիւնն են, որոնց ախտազերծումը տակաւին կը կարօտի ժամանակի, ազգային ինքնավստահութիւն վերականգնող աշխատանքի եւ, ամէնէն կարեւորը, անձնուէր ծառայութեան ոգեշնչող օրինակը մարմնաւորող ղեկավար գործիչներու սերնդափոխութեան։
Զուգահեռաբար, սփիւռքեան կողմն հայաշխարհի, ահա քսան եւ աւելի տարիէ ի վեր, մեր ժողովուրդը կը փորձէ ոչ միայն կամրջել աշխարհաքաղաքական ու լեզուամշակութային հեռաւորութեանց հետեւանքով արմատաւորուած Հայաստան-Սփիւռք տարբերութիւնները, այլեւ՝ ձեւաւորել հայրենի պետութեան հետ խօսակից ներկայանալու պայմանները ամբողջացնող սփիւռքեան ղեկավարութիւն։
Ճիշդ է, ի տարբերութիւն եւ հակադրութիւն Խորհրդային «ժառանգութեան», սփիւռքեան իրականութեան մէջ, ազգային-հոգեւորական կամ քաղաքական-կուսակցական ղեկավարութիւնը կազմաւորուեցաւ պետական իշխանութեան փորձութենէն հեռու, այլեւ՝ անձնուէ՜ր ծառայութեան ամուր հողին վրայ։ Անձի պաշտամունքը հող չգտաւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ եւ նոյնիսկ երբ, արտաքին ճնշումներու կամ այլասերիչ թափանցումներու հետեւանքով, պատահեցան հակառակին խմորումները, անոնք խեղդուեցան իրենց սաղմին մէջ։ Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ կազմակերպ հայութեան մայր հոսանքը ղեկավարներէ աւելի ղեկավարութեա՛նց վստահեցաւ իր կեանքին ղեկը.- Ազգային ժողովականութեան եւ կառոյցներու ժողովրդավարական հակակշիռին, ինչպէս եւ կուսակցական ղեկավար մարմիններու հաւաքական պատասխանատուութեան մէջ գտաւ երաշխիքը իր յառաջընթացին։
Բայց ահա քսան տարիէ աւելի է, որ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ թէ անոր շուրջ բոլորուած հայութիւնը կը տուայտի հայոց պատմութեան ներկայ հանգրուանին համահունչ ղեկավարութեան ծնունդ տալու դժուարութեան մէջ։
Հայաստան՝ իր ձեւով, Սփիւռքը՝ իր ձեւով, երկուքն ալ կ՛ապրին ղեկավարութեան տագնապ։ Տագնապ, որ նոյնն է սակայն իր խորքով, որովհետեւ Հայաստանի անկախութեան պայմաններուն մէջ իշխանութիւն եւ ղեկավարութիւն փաստօրէն նոյնացած են՝ սոսկ անցեալ յուշի եւ աւանդի վերածելով հեղինակութեան սկզբունքը, որեւէ ղեկավարութեան ուժին անփոխարինելի աղբիւրը։
Հոսկէ կը բխի նաեւ, երկրո՛րդ առումով, պատրաստի դեղատոմսերու չգոյութեան դժուարութիւնը։
Համաշխարհային կենսափորձն ալ չ՛օգներ ղեկավարութեան տագնապի դիմագրաւումին, որովհետեւ ամբողջ մարդկութիւնը կ՛ապրի հեղինակութեանց անկումի դարաշրջան մը։
Եթէ յիսուն տարի առաջ յառաջադէմ երկիրներն ու նորանկախ ազգերը, ընդհանրապէս, հեղինակութիւն վաստակած դէմքերու կը վստահէին իրենց պետական-քաղաքական կեանքին ղեկը, վերջին տասնամեակներուն պատահական ու գրեթէ անծանօթ դէմքեր յանկարծ կը հասնին իշխանութեանց բարձրագոյն ղեկին եւ, իշխանաւորի աթոռին հետ եկող ուժի պաշարներուն ապաւինած, կը փորձեն ոչ միայն հեղինակութիւն դառնալ, այլեւ՝ հեղինակութիւն ծախել աջ ու ձախ…
Խօսքը չի վերաբերիր միայն անարժաններու իշխանութեան գլուխ գալուն։ Յատկապէս օրէնքի իշխանութիւնը արմատաւորած եւ պետական հաստատութեամբ ամրագրած երկիրներու պարագային, անկասկած արժանաւորներ եւս կը հասնին ղեկավարութեան ղեկին։ Բայց ղեկավարութեան մը ուժին աղբիւրը հանդիսացող հեղինակութիւնը անոնք չեն բերեր իրենց հետ՝ կեանք մը լեցուցած իրենց անձնուէր ծառայութեան բարոյական դրամագլուխով։ Ընդհակառակն, իրենց վստահուած իշխանութիւնը չարաշահելու գնով, կը փորձեն առաւելագոյն չափով ուժ կեդրոնացնել իրենց ձեռքը՝ հեղինակութիւն հաստատելու եւ, ըստ այնմ, ժողովրդային վստահութեան արժանի ղեկավարութեան վաստակ ստեղծելու համար։
Երբ ժողովրդավարական հարուստ մշակոյթ նուաճած ազգերու եւ պետութեանց պարագային իսկ դժուարացած է ղեկավարութիւնն ու հեղինակութիւնը համատեղելու՝ իրարմով պայմանաւորելու եւ փոխազդեցութեամբ զարգացնելու հնարաւորութիւնը, կարելի է պատկերացնել, թէ որքա՜ն անյաղթահարելի խոչընդոտներու կը բախին ժողովրդավարութեան ուղիէն ներս նոր մուտք գործած երկիրներն ու պետութիւնները։
Հետեւաբար, մեր ապրած ժամանակաշրջանը եւս չ՛օգներ, որպէսզի Հայաստանի վերանկախացման ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնման ներկայ հանգրուանին, կարենանք ուրիշներու փորձը գործածել՝ յաղթահարելու համար հայ իրականութեան մէջ առաջացած հեղինակութեանց անկումն ու ղեկավարութեան տագնապը։
Չի նշանակեր, որ փակուղիի կամ անելի առջեւ կանգնած ենք։
Ազգային մեր հոգեբանութեան մէջ պէտք է փնտռել անելն ու փակուղին, եթէ ի վիճակի չենք, իբրեւ ազգային կենսունակ մարմին եւ հայ հասարակութիւն, վերանայման ենթարկելու մեր հաւաքական երթը հունաւորող եւ առաջնորդող գաղափարներն ու զանոնք կրողները։
Վերջապէս Ժամանակն է անդրադառնալու, որ անցեալի բարոյական դրամագլուխով նորօրեայ հեղինակութիւն չի ստեղծուիր։ Ոչ ալ հնարաւոր է ազատութեան եւ անկախութեան, արդարութեան ու իրաւահաւասարութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի իշխանութեան կեղծ կարգախօսներով կամ նմանակումներով՝ ծածկել մերկութիւնը բիրտ ուժի իշխանութեան, որ այսօր կը հունաւորէ եւ կը ղեկավարէ հայ կեանքը թէ՛ ամէնուր, թէ՛ բոլոր բնագաւառներու մէջ։
Անշո՛ւշտ իշխանութիւնը ուժ է եւ ուժի անսպառ աղբիւր, երբ օրէնքով թէ առանց օրէնքի՝ կը բռնանայ սեփական ազգին ու հասարակութեան վրայ եւ որուն հետ կարելի չէ խաղալ։
Երբ թոյլ է ու անկազմակերպ որեւէ իշխանութեան բարոյականութիւնն ու հեղինակութիւնը հարցականի տակ դնող ժողովրդային յանդգնութիւնը, իշխանութեան աթոռի պահպանման մէջ իր գոյատեւման, յղփացման եւ հզօրացման աղբիւրը գտած որեւէ ղեկավարութիւն միայն աւելիով կը քաջալերուի ու կ՛աւազախրի իր մեծամտութեան ու անպատժելիութեան տիղմին մէջ։