ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Օգոստոս 22ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ հայութեան յատուկ ծինային հիւանդութեանց եւ Հայաստանի մէջ ծինային հետախուզութեան կեդրոն մը հիմնելու հարցերուն նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը:
Ձեռնակին դասախօսն է դոկտ. Մայք Մխիթար Մուրատեան, որ աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը հանդիսացող հայութեան ծինային առանձնայատկութեանց եւ անոնց հետեւանքով յառաջացող իւրայատուկ հիւանդութեանց ախտաճանաչումը կատարելու կողքին՝ պիտի խօսի Հայաստանի մէջ ծինային հետախուզական կեդրոն մը հաստատելու աշխատանքին կարեւորութեան մասին՝ մատնանշելով, թէ նման կեդրոնի մը օգուտները կրնան քաղել ոչ միայն Հայաստանի բնակչութիւնը, այլեւ՝ սփիւռքահայութիւնը:
Հայաստանի գիտութեանց ակադեմիոյ մէջ ծինային նման կեդրոն մը հաստատելու «Արփա» հիմնարկի աշխատանքին գլխաւոր գիտնականը հանդիսացող դոկտ. Մայք Մխիթար Մուրատեան իր Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, մանրակենսաբանութեան (microbiology) եւ բժշկական ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ, իսկ Bioinformatics ճիւղին մէջ մագիստրոսի տիտղոսը՝ նոյն համալսարանէն: Ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ստացած է դոկտորի կոչումը՝ մասնագիտանալով Molecular Genetics ճիւղին մէջ: Մուրատեան տարիներով ուսումնասիրական եւ հետախուզական աշխատանքներ կատարած է զանազան հիմնարկներու մէջ եւ ներկայիս «Քայզըր Փըմընենթէ» բժշկական կեդրոնի շրջանային ծինային տարրալուծարանի վարիչն է: «Հայկական հիւանդութեան» մասին անոր մէկ ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է 2010ին, հեղինակաւոր «Nature՛s Journal of Human Genetics» թերթին, իսկ վերջերս՝ «Nature՛s Genetics in Medicine»ի մէջ:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA, 91423:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանի՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.