ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ամրան արձակուրդը վայելող մարդոց, յատկապէս երբ իշխանաւորներու մասին է խօսքը, դժուար է համոզել, թէ ափսոս է հանգիստի այդ ժամանակը մսխել միայն օրը գիշերելով, որքան ալ հաճելի ըլլայ բան չընելու հեշտանքը։
Աշխարհի բնական օրէնքն է, անշո՛ւշտ, եւ մարդիկ իրենց աշխատանքային առօրեայէն արձակուրդ կ՛առնեն, որպէսզի կազդուրուին, յետադարձ հայեացք նետեն իրենց ըրածին եւ չըրածին վրայ, դաս առնեն գործուած սխալներէն ու արձանագրուած յաջողութիւններէն եւ, այդ բոլորով, գալիքի իրենց ծրագիրները կարգի դնեն ու պատրաստուին նորովի թափով լծուելու անոնց իրականացման։
Բայց իրողապէս եւ քիչ մը ամէն տեղ այնքա՜ն ինքնանպատակ դարձած ու աժանցած է իշխանութիւն ըսուածը, որ տարուան բոլոր եղանակներուն ալ ղեկավար մարդիկ չեն ուզեր դաս քաղել իրենց գործած սխալներէն։ Ընդհակառակն՝ կը սիրեն անձնատուր դառնալ… բան չընելու հեշտանքին, նոյնիսկ եթէ կը գիտակցին, որ խորքին մէջ աւերակներու վրայ կը թագաւորեն։
Նոյն պատկերը եւ աւելի շեշտուած գոյներով կը պարզուի հայրենի մեր իրականութեան մէջ, ուր իշխանութեան աթոռը դարձած է հիմքը ամէն հեղինակութեան եւ ուր, իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր ըլլան, մեր կեանքը ղեկավարելու կոչուած մարդիկ վարակուած են իրենց գրաւած պատասխանատուութեան դիրքերը ամէն գնով պահելու հիւանդութենէն։
Այն աստիճան, որ մեծ մասամբ պատրաստ են եւ ընդունակ ոտնակոխելու ազգային ու հասարակական ծառայութեան հիմնական արժէքներ, որպէսզի ի վիճակի ըլլան մնալու ղեկավարութեան աթոռին վրայ, ի հարկին նոյնիսկ զրկելով ամէն ուժի ու հեղինակութեան իրաւ աղբիւրը հանդիսացող ժողովուրդը… ղեկավարութիւններ ու իշխանութիւններ ձեւաւորելու եւ զանոնք հակակշռելու իր տարրական իրաւունքէն։
Զարմանք չեն պատճառեր այլեւս իշխանութեան դիրքերէն կատարուած քննադատական եւ ինքնաքննադատական զեղումները պետական կառավարման բարձրագոյն մակարդակներու վրայ պարզուած օրինազանցումներու եւ չարաշահումներու նկատմամբ։ Մեր երկրի պետական կառավարման ներկայ համակարգին պատասխանատուները բոլորէս աւելի լաւ գիտեն, թէ «խօսքով փիլաւ չ՛եփիր»,- ինչպէս որ կ՛ըսէ ժողովուրդը։ Հետեւաբար, ինչո՞ւ ժողովրդային դժգոհութիւնները արտայայտելու դաշտը բաց ձգել ընդդիմադրութեան առջեւ, երբ իշխանութիւնները իրե՛նք կրնան ամէնէն աւելի կազմակերպուած տեսքով, բայց մանաւանդ իրենց ուզած խաղեղանակով բեմադրել ամբաստանողի եւ ամբաստանեալի, դատախազի եւ դատապաշտպանի, դատաւորի ու բողոքարկողի դերերու բաշխումը…
Զարմանալի չեն նաեւ ընդդիմադրութեան դիրքերէն արդէն յանկերգի պէս շարունակ հնչող գանգատները՝ իշխանութեանց գործած օրինազանցումներուն դէմ։ Ինչպէ՞ս կարելի է լուրջի առնել ընդդիմադրութեան այս օրերու յայտնագործումը – վերջին մասնակի ընտրութեանց առիթով -, թէ այլեւս իմաստ չունին ընտրութեանց ճամբով իշխանութեան հետ ճակատումները, որովհետեւ արդար ընտրութեանց յոյսը կորսուած է.- Մեր երկրին մէջ պետութիւնն ու կուսակցութիւնը նոյնացած են եւ նախագահական իշխանութիւնը ունի թէ՛ պետական լծակները, թէ՛ օրէնքը ըստ կամս չարաշահելու հնարաւորութիւնները, որպէսզի իր ուզած արդիւնքով պսակումի տանի եւ հակակշռէ այսպէս կոչուած ժողովրդային քուէարկութիւնները…
Վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին խորհրդարանական, նախագահական եւ քաղաքապետական ընտրութեանց ձախաւեր իր մասնակցութեան բոլոր ապացոյցները տուած ընդդիմադրութիւն մը ինքզինք յարգել պէտք է գիտնայ, որպէսզի կարենայ խոստովանիլ իր գործած սխալները եւ մէկ կողմ քաշուի՝ արդէն ամբողջատիրութեան վերածուած պետական կառավարման այս համակարգին դէմ պայքարի դաշտը աւելի յուսատու ուժերու առջեւ բաց ձգելով։
Բայց մեր ազգին եւ հայրենիքին, մեր ժողովուրդին ու պետականութեան ներուժը խոցող ու ջլատող հարցը այդօրինակ բեմախաղերն ու ձախաւերութիւնները չեն, որքան ալ զարմանալի թուին կամ այլեւս զարմանք ալ չպատճառեն։
Հաւաքական մեր ցաւին գլխաւոր աղբիւրը այն նարկիսականութիւնն է, որ վերէն վար վարակած է ազգային մեր ողջ մարմինը։
Սեփական սխալները չխոստովանելու նարկիսականութիւն՝ առաջին հերթին պետական-քաղաքական ղեկավարութեանց մակարդակին։
Նաեւ ուրիշի աչքին մէջի շիւղը տեսնելու եւ սեփական աչքը ծակող գերանը անտեսելու նարկիսականութիւն՝ ազգային-հասարակական հեղինակութեանց մակարդակին։
Զուր ինքնարդարացման կը ծառայեն, անշո՛ւշտ, ուրիշներու մօտ եւ աւելի յառաջադէմ հաւաքականութեանց պարագային եւս նմանօրինակ նարկիսականութեան վարակի առկայութեան մասին մատնանշումները։
Եթէ ցորենի հատիկի չափ իրաւութեամբ ու հաւատքով մեր նորահաս սերունդները պիտի երգեն «Ես սիրում եմ իմ երկիր»ը, որ ամէն տարի եւ տարին հարիւր անգամ աշխարհով մէկ կը հնչէ Հանրային Հեռուստատեսութեան եթերով, ապա ամէն բանէ առաջ մեր պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն պէտք է ներշնչենք այն խոր ապրումը, որ մեր երկիրը կը սիրենք նաեւ ու մանաւանդ իր թերութիւններով ու սխալներով։
Իսկ նման ազգային ինքնութեան խորարմատ եւ կենսայորդ ապրում ներշնչելու համար նորահասներուն, նարկիսականութեամբ գինովնալու եւ բան չընելու հեշտանքին անձնատուր ըլլալու փոխարէն՝ ամէն քայլափոխի եւ նոյնիսկ ամրան արձակուրդի արդար հանգիստի ժամանակ, մեր մէջ պէտք է փնտռենք եւ գտնենք նկարագրի ու բարոյականութեան անհրաժեշտ ուժը, որպէսզի անդրադառնանք մեր սխալներուն նաեւ ու աշխատինք զանոնք սրբագրելու ուղղութեամբ։
Ի վերջոյ ամէն սխալի համար գին կը վճարուի… անխուսափելիօրէ՛ն։
Այդպէ՛ս է անձնական մեր կեանքին մէջ։
Այդպէ՛ս է նաեւ ու մանաւանդ հաւաքական կեանքի մէջ։
Ուշ կամ կանուխ կը վճարենք գինը մեր սխալներուն եւ որքան շուտ վճարենք, որքան կանուխ անդրադառնանք մեր սխաներուն եւ ջանանք սրբագրել զանոնք, այնքան կը թեթեւնայ մեր ուսերուն ծանրացող պատասխանատուութեանց չարաշահման ծանր բեռը եւ նոյնքան կ՛ամրապնդուի մեր զաւակներուն հաւատքն ու վստահութիւնը մեր ազգային արժանաւորութեան հանդէպ։