
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, Օգոստոս 23ի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի այցելութիւնը։
Հայր սուրբը կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու այժմէական հարցերու շուրջ։
Ծանօթ է, որ հայր սուրբը անցեալին, Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով, աւելի քան երեք տարի ծառայած է ԱՄՆ Արեւմտեան թեմէն ներս։