ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը մերժած է Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւորներուն առաջարկը՝ 2014ի Յունուարէն Հայաստանի մէջ նուազագոյն ամսական աշխատավարձը 75 հազար դրամ սահմանելու վերաբերող։ Հայաստանի աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեան պարզաբանած է, որ կառավարութեան կողմէ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում նախատեսուած է, սակայն անիկա պիտի ըլլայ յիսուն հազար դրամ, որով նաեւ պիտի յաղթահարուի աղքատութեան վերին շեմը:
«2015 թուականին նուազագոյն աշխատավարձը սահմանուելու է 55 հազար դրամ, իսկ 2016ին՝ 62,500 դրամ: Մինչեւ 2017 թուականը հանրապետութիւնում նուազագոյն աշխատավարձի կրկնապատկումը կառավարութեան թիրախային կէտերից մէկն է», յայտնած է Ասատրեան: Նախարարին համաձայն, նուազագոյն աշխատավարձի հետեւողական եւ նպատակադրուած աճը թոյլ պիտի տայ, որ աշխատավարձերը համաչափ բարձրանան, ինչպէս նաեւ տնտեսվարողներուն կարելիութիւն պիտի տրուի իրենց առեւտուրը այսպիսով վերակառուցելու:
«Բնական է, որ առաջին հերթին պէտք է աւելացուի արտադրողականութիւնը, պահպանուի զբաղուածութեան մակարդակը: Կարծում եմ՝ թիրախային այս ցուցանիշերը նպատակային են եւ մեր ծրագրի շրջանակներում կ՛իրականացուեն, մասնաւորապէս 2014թ. նուազագոյն աշխատավարձի մակարդակը կը գերազանցի աղքատութեան վերին շեմը: Աշխատավարձերի հաւասարաչափ բաշխման միջազգային պրակտիկայի չափանիշի տեսանկիւնից ակնկալւում է, որ նուազագոյն աշխատավարձը կը գերազանցի միջին աշխատավարձի երկու երրորդի շեմը», դիտել տուած է Ասատրեան:
Անոր համաձայն, 2016ին կ՛ակնկալուի նուազագոյն աշխատավարձի առաւելագոյն մակարդակ, քան սպառողական զամբիւղի արժէքն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.