
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Մայքըլ Պիլիրաքիս (Հ., Ֆլորիտա) եւ Քերոլայն Մըլոնի (Դ., Նիւ Եորք), որոնք Քոնկրեսին մէջ Յունական համախմբումի համանախագահներն են, յայտարարած են, թէ որոշած են նեցուկ կանգնիլ «Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան ու արդարութեան» բանաձեւին (Ներկայացուցիչներու տան թիւ 277 բանաձեւը):
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունած է անոնց սոյն որոշումը, զայն հայ-յունական երկարամեայ գործակցութեան մէկ ցուցանիշը նկատելով եւ յոյս յայտնելով, որ նման գործակցութեանց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ վերջ մը դնել Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պարտադրուող ուրացման քաղաքականութեան:
Ներկայացուցիչներու տան թիւ 227 բանաձեւը Մայիսին ներկայացուած էր քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաոյի, Էտըմ Շիֆի, Մայքըլ Կրիմի եւ Ֆրենք Փալոնի կողմէ: Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ հիմնուելով՝ բարելաւէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները՝ երաշխաւորելով Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան իրականութեան ամբողջական ճանաչումն ու վնասուց հատուցումը: Բանաձեւին մէջ կը յիշուի նաեւ, թէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին յղուած Մայիս 28, 1951 թուակիր նամակի մը մէջ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ցեղասպանութիւն նկատած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այդ նամակը մաս կը կազմէր Ցեղասպանութեան ոճիրը կանխարգիլելու եւ պատժելու դաշինքին շուրջ կայացած քննարկումներուն: Բանաձեւին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Ապրիլ 22, 1981ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռանըլտ Ռիկըն եւս ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը՝ 1975ին ու 1984ին:
Համոզելու համար ձեր շրջանի քոնկրեսականը, որ հովանաւորէ այս բանաձեւը, այցելեցէք www.anca.org/justice կայքէջը, որուն վրայ նշուած է նաեւ ցարդ զայն հովանաւորած քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը:
Քոնկրեսին մէջ հայ-յունական գործակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.anca.org/press_releases/press_releases.php?prid=2274 կայքէջը: