ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանի 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Օգոստոս 26ին, բարելաւուած ու աւելի ապահով համալիրով մը եւ նոր որդեգրուած դասագիրքերով ու ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ՝ փորձառու ու բարձրորակ ուսուցիչներով:
Վարժարանի տնօրէնուհի Գոհար Զահեր բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ բացման աղօթքը կատարելու համար բեմ հրաւիրեց Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը, որ այս տարեշրջանին ընթացքին նաեւ կրօնքի դասանիւթը պիտի մատուցէ 3-6րդ դասարանի աշակերտներուն:
Ապա ելոյթ ունեցաւ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարգար Քարաթաս, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց վարժարանին մէջ վերջին քանի մը ամիսներուն կատարուած նորոգութեանց ու բարեկարգումներուն մասին՝ շեշտելով, թէ ապահովական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրուած են: Ան նաեւ աշակերտներուն ներկայացուց նոր ուսուցիչները ու ողջունեց այն իրողութիւնը, թէ այս տարեշրջանին սկիզբը վարժարանի աշակերտութեան թիւը բարձրանալով՝ հասած է 110ի:
Վերամուտի արարողութեան աւարտին իրենց նոր ուսուցիչներուն եւ դասարաններուն ծանօթանալուն անհամբերութեամբ սպասող աշակերտները «ցտեսութիւն» ըսին իրենց ծնողներուն եւ մեկնեցան իրենց դասարանները՝ կրթական նոր տարեշրջան մը սկսելով: Ապա անոնք իրենց դասագիրքերը տեղաւորելէ ետք, առաջնորդուեցան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Ս. հաղորդութիւն ստանալու համար:
Նահանգային կրթական ծրագիրներուն հետեւելու կողքին, վարժարանը նաեւ հայկական դասանիւթեր կը տրամադրէ աշակերտներուն, որոնց կը տրամադրուին նաեւ երաժշտութեան, կրօնքի, սպաներէն լեզուի ու արուեստի դասընթացքներ:
Վարժարանը այս տարեշրջանին որդեգրած է նաեւ մարզանքի եւ երեխաներու յատուկ սննդականոնի նոր ծրագիրներ՝ սկսելով նախամանկապարտէզէն ու հասնելով մինչեւ 1-6րդ դասարանի աշակերտներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.