
ՄՈՆՐՈՎԻԱ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին, Մոնրովիա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց «Մաունթ Սիէրա» համալսարանի նոր համալիրը Մըրթըլ եւ Հանթինկթըն թաղերուն հարաւարեւմտեան անկիւնը կառուցելու առաջարկը:
Համալսարանը ներկայիս կը գտնուի նոյն խաչմերուկի հիւսիսարեւելեան կողմը, 101 East Huntington Drive հասցէին:
Ներկայ վայրին համար ստորագրուած վարձակալութեան համաձայնութիւնը կ՛աւարտի 2015ին, ուստի համալսարանի հոգաբարձութիւնը կը ծրագրէ նոր համալիրին կառուցումը աւարտել մինչեւ այդ ժամկէտը:
Նկատի ունենալով, որ նոր համալիրին յատակագիծը ցոյց տուած է, թէ ոչ միայն կը յարմարի, այլեւ կը բարելաւէ խնդրոյ առարկայ շրջանը՝ Մոնրովիայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է նեցուկ կանգնիլ ծրագիրին:
Ըստ «Մոնրովիա Փե»չ թերթին կողմէ Սեպտեմբեր 4ին հաղորդուած լուրի մը՝ Մոնրովիայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Թամ Էտըմզ ըսած է, որ համալսարանի այս նոր համալիրը շատ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ, ու զայն լաւագոյնը նկատած է՝ նոյն անկիւնը օգտագործելու նպատակով քաղաքապետութեան ներկայացուած շարք մը այլ ծրագիրներէն: Արդարեւ՝ Մըրթըլ եւ Հանթինկթըն թաղերուն հարաւարեւմտեան անկիւնը օգտագործելու համար ծրագիրներ ներկայացուցած էին չորս աստղանի պանդոկի մը, ճաշարան-վաճառատուներու միացեալ նախաձեռնութեան մը, ինչպէս նաեւ ճաշարան-վաճառատուներու այլ ծրագիրի մը համար, որուն մէջ կար նաեւ 24ժամեայ մարզանքի կեդրոն մը:
Ըստ նոյն թերթի տուեալներուն՝ քաղաքապետ Մերի Էն Լաց յայտնած է, թէ երկընտրանքի մէջ եղած է պանդոկի ու համալսարանի ծրագիրներուն նեցուկ կանգնելու որոշումը տալէ առաջ, որովհետեւ քաղաքը կարիքն ունէր նաեւ չորս աստղանի պանդոկի մը:
32,000 քառակուսի ոտք օգտագործելի տարածք ունեցող «Մաունթ Սիէրա» համալսարանի նոր համալիրը երեք յարկանի կառոյց մը պիտի ըլլայ ու կենսոլորտի պաշտպանութեան ամենաարդիական յատկանիշները պիտի ունենայ: Դասարաններու, գրասենեակներու եւ սրահի մը կողքին, նոր համալիրը պիտի ունենայ գրատուն մը, տանիքին վրայ պատշգամ մը եւ երկու վաճառատուներու յարմարութիւններ:
Ըստ «Մոնրովիա Փե»չին՝ «Մաունթ Սիէրա» համալսարանի հոգաբարձական խորհուրդի անդամ Կրեկ Քահուէճեան յայտնած է, թէ նշեալ վաճառատուներուն համար կարելի է ուտեստեղէնի կամ համակարգիչներու յատուկ խանութ բանալ, կամ՝ ընդարձակել համալսարանի գրախանութը:
Յայտնենք, թէ համալսարանի տնօրէնութիւնը քաղաքապետութեան փոխանցած էր, որ եթէ համալիր մը կառուցելու նպատակով իր ներկայացուցած ծրագիրը չվաւերացուի, ապա համալսարանը կրնայ քաղաքէն դուրս ելլելու պարտադրանքին տակ գտնուիլ:
«Այս վայրը լաւագոյնն էր համալսարանին համար եւ գրեթէ միակն էր, որ լրջութեամբ քննուեցաւ մեր կողմէ», աւելցուցած է Քահուէճեան: