Քրիստափոր Իֆատեան զաւակն է Սեբաստիոյ Զիլէ գիւղի Սէնէքերիմ Իֆատեանի եւ Պիթիաս գիւղի Ռոզա Ֆիլհաննէսեանի: Ծնած է Գամիշլի, 1938ին, դառնալով 5 քոյրերու միակ եղբայրը, եւ յաճախած է տեղւոյն Ազգային վարժարանը:
Աւարտելէ ետք եկած է Հալէպ եւ 4 տարի ուսած է Ֆրանսական Լայիք երկրորդական վարժարանին մէջ: Ապա յաճախած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան եւ 1960ին եղած է առաջին պետական պաքալորիայի շրջանաւարտներէն: Այս շրջանին եղած է Հալէպահայ ուսանողական միութեան հիմնադիր եւ եռանդուն վարիչներէն մէկը:
Ճեմարանը աւարտելէ ետք միացած է Հալէպի պետական համալսարանի ճարտարագիտական բաժինին եւ 2 տարի յաճախելէ ետք ընդհատած է ուսումը՝ աշխատանքի լծուելու համար, օգտակար դառնալով իր ընտանիքին:
1960-1963, պաշտօնավարած է Ճեմարանին մէջ իբրեւ այցելու ուսուցիչ ուսողութեան եւ գիտութեան: 1963-1965, եղած է տնօրէն Ազգային Սահակեան վարժարանի: 1965-1970, կրկին Ճեմարան դարձած է՝ իբրեւ մնայուն դաստիարակ-ուսուցիչ եւ հաշուապահ: 1967 Փետրուարին, Գէորգ Տօնապետեանի մեկնումէն ետք, ան կը ստանձնէ տնօրէնութեան պարտականութիւնը, իսկ 1967-1968 տարեշրջանին կը նշանակուի տնօրէն: Քրիստափոր Իֆատեան եղած է ճեմարանաւարտ առաջին տնօրէնը եւ առաջինը, որ յաչս պետութեան՝ կոչուած է «Վարժարանի տիրոջ ներկայացուցի»չ ու գործակցած է իր օրով նշանակուած պետական տնօրէնին հետ:
1968-1970, կը շարունակէ ըլլալ միջնակարգի թուաբանութեան մնայուն ուսուցիչը: Երրորդ անգամ եւս, 1972-1975 տարիներուն, ան կը վերադառնայ Ճեմարան ու կը պաշտօնավարէ իբրեւ թուաբանութեան այցելու ուսուցիչ:
1970ին կը վերադառնայ Հալէպի համալսարանը եւ աւարտելով ճարտարագիտական բաժինը՝ 1975ին, պետական որոշումով կը նշանակուի Ռաքքայի մէջ ջուրի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն:
1976ին իր ամուսնութիւնը կնքած է Վարդուհի Հարպոյեանի հետ եւ կազմած ընտանեկան բոյն մը՝ ընտանիքը եւս փոխադրելով Ռաքքա: Բախտաւորուած է երկու աղջիկ զաւակներով՝ Շաղիկ եւ Նանօր:
Զաւակները ազգային շունչով մեծցնելու միտումով, 1982ին Ռաքքայի գործը ձգած ու վերադարձած է Հալէպ՝ աշխատանքի նոր ասպարէզ ընտրելով «Մաամել էլ Տիֆաա»ը, ուր աշխատած է մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը:
Հալէպ փոխադրուելէ ետք ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Երկար տարիներ վարած է Բերիոյ թեմի Դատաստանական մարմինի ատենապետութիւնը. քանի մը շրջան ընտրուած է Բերիոյ թեմի Գաւառական ժողովի անդամ եւ ատենապետ. ընտրուած է նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որպէս Սուրիոյ ներկայացուցիչ: Ան անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, իր պատանի տարիքէն, եւ եղած է համեստ զինուոր: Երկար տարիներ ստանձնած է ղեկավարութիւնը ՀՅԴի Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի: Լայնախոհութիւնը, գաղտնապահութիւնը եւ խստապահանջ ըլլալը իր սկզբունքներն էին՝ որպէս տիպար դաշնակցական:
2001ին վերջնականապէս կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ՝ միանալով իր հարազատներուն: Ան կը շարունակէ մնալ գործունեայ՝ աշխատանք տանելով կուսակցական զանազան յանձնախումբերէ ներս եւ անդամ դառնալով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:
2007ին կ՛ամուսնացնէ իր աղջիկը՝ Նանօրը, եւ 2009ին կը դառնայ մեծ հայր իր անդրանիկ թոռնիկին՝ Քրիստափորին: Մեծ հաճոյքով եւ բծախնդիր մօտեցումով կը ստանձնէ Քրիստափորի եւ ապա Արէնի (2րդ թորան) ազգային եւ մշակութային դաստիարակութեան պարտականութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.