Սիրելի սգակիրներ,
Այրի տիկին Վարդուհի, Շաղիկ, Նանօր եւ Գեղամ,
Թոռները՝ Քրիստափոր եւ Արէն, ինչպէս նաեւ քոյրերը՝ Ռենա, Լուսին եւ Էլիզապէթ՝ իրենց ընտանիքներով,
Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ խնկարկելու ազնիւ հայորդիի մը՝ ընկեր Քրիստափոր Իֆատեանի յիշատակին, որ իր բազմակողմանի արժանիքներուն կարգին ոգեկոչելի է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս ուսուցչական պաշտօնավարութեամբ՝ առաջին ճեմարանաւարտ տնօրէնը դառնալով ամբողջ հալէպահայութեան փայփայած երազային Ճեմարանին, որ Մեծ Եղեռնէն ետք վերապրումի աւիւն էր եւ փիւնիկի մը պէս վերստին յառնելու, գոյատեւումի կռուանն էր:
Աւանդութիւն դարձած է ընկերակցութեանս կողմէ հոգեճաշով մը վերջին անգամ յարգանքի տուրք մատուցել մեզմէ առյաւէտ բաժնուող տնօրէններուն, որոնք իրենց քիրտն ու երիտասարդական կեանքի խանդն ու եռանդը նուիրաբերած են յանուն Ճեմարանին եւ անոր ընդմէջէն՝ սերունդներու կրթական դաստիարակչական նուիրական գործին:
Ընկեր Քրիստափոր իւրայատուկ տեղ կը գրաւէր սուրիահայութեան ազգային կեանքէն ներս իր ամբասիր նկարագիրով, պարկեշտ դաշնակցականի իր կերպարով, ուղղամիտ, անաչառ ու ամէնէն աւելին՝ բարի ու արդարադատ իր խառնուածքով:
Իր հանդարտաբարոյ նկարագիրով, ընկեր Քրիստափոր ամէնուր յարգանք կը վայելէր՝ մեծին, երիտասարդին ու փոքրին կողմէ: Կը յիշեմ երեսնամեակ մը առաջ, գոյութիւն ունէր ՀՅԴ Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը, որ իմ մատղաշ միտքիս մէջ անբաժանելիօրէն կը զուգորդուէր իր անուան: Եւ սխալած չէի. շատ ուշ իմացայ, որ ինք եղած էր Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան հիմնադիրը՝ Հալէպի ճարտարապետական համալսարանի ուսանողութեան օրերուն:
Վաթսունական թուականներուն Դաշնակցութեան դէմ սանձազերծուած հալածանքներու օրերուն, Սուրիոյ քաղաքական կեանքի սեղմ եւ ճնշիչ պայմաններուն մէջ, գերմարդկային ճիգեր պէտք էին գաղութահայութիւնը զերծ պահելու հաւանական պետական ոտնձգութիւններէ, ինչպէս նաեւ պէտք էր զգուշաւոր քաղաքականութիւն վարել եւ ղեկավարել նաւը անվտանգ, ու այդ ամէնը կատարել այնպիսի վարքագիծով մը, որ միայն յարգանք կը պարտադրէր յաջորդ սերունդներու երիտասարդներուս. բոլորս կ՛ակնածէինք եւ կը յարգէինք այս ընկերը, որ խաղաղութեան աղաւնիի նման հաշտարար դեր կը կատարէր եւ կարգի կը բերէր ազգային կեանքը՝ թէկուզ ընդյատակ: Ան հեռու կը մնար հռետորութենէ. զարգացուցած էր իր գաղափարները փոխանցելու յատուկ ու համեստ ոճ մը:
Ընկեր Իֆատեանի մահով, մեր աչքերը կը տամկանան կրկնակի եւ մեր սիրտերը կրկնակի կը յուզուին. ամբողջ հալէպահայութիւնը կը սգայ այս մեծ կորուստը, որ աւելի քան կէս դար ազգային կեանքի մէջ իր որոշիչ դերակատարութիւնը ունեցած էր այդ վեհանձն ընկերը, անկեղծ բարեկամը, մաքրամաքուր նկարագիրի տէր հայն ու ընտանիքի հայրը, զոր հողին յանձնեցինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր միտքի պաստառին վրայ յուշեր կը վերապրի: Հալէպի ՀՄԸՄի ակումբի ու պարտէզի մշտական յաճախողներս վարժ էինք իրեն հանդիպելու, գրեթէ ամէն օր, շրջապատուած իր գաղափարական ընկերներով, այդ հայրենամերձ ու հայատրոփ գաղութի կեանքը հեզասահ առաջնորդելու ի խնդիր:
Իր ճեմարանական երբեմնի աշակերտները, շրջանաւարտները եւ պաշտօնակիցները երանութեամբ կը յիշէին զինք: Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Շրջանաւարտից ընկերակցութեան հրաւէրով, 1990ին, ի շարս բոլոր տնօրէններուն, հրաւիրուեցաւ մասնակցելու Ընկերակցութեան յոբելինական ձեռնարկին եւ վայելեց յարգանքն ու երախտագիտութիւնը Ճեմարանի նախկին սաներուն, որոնցմէ շատերը վայելած էին իր աշակերտը ըլլալու պատիւը, եւ այսօր այստեղ են իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու:
Ընկեր Քրիստափոր այս աշխարհէն կը հեռանայ՝ մեզմէ շատերուն վրայ ձգելով անջնջելի դրոշմ եւ իր ետին ձգելով թանկագին յիշատակներ, ազնիւ եւ շնորհալի տիկին Վարդուհին, դուստրերն ու փեսան, ինչպէս նաեւ երկու թոռներ, որոնցմէ առաջինը կը կրէ իր մեծ հօր անունը՝ անմահացնելով անոր քաղցր յիշատակը:
Առիթով մը Գարեգին Նժդեհ ըսած է. «Ամէն օր գլուխնիդ բարձին դնելուց եւ քնելուց առաջ յիշէք, թէ այդ օրը ի՛նչ էք արել ձեր ազգի համար»: Սիրելի ընկեր Քրիստափոր, այսօր գլուխդ յաւերժական հանգիստով դիր այս հողէ բարձին վրայ, քանզի իբրեւ դաստիարակ, տնօրէն կամ գաղափարական գործիչ՝ անսահմանօրէն արժէքաւոր ծառայութիւններ մատուցած ես ազգիդ, անմնացորդ նուիրումով, առանց փոխադարձ ակնկալութեան:
Հալէպէն իր վաղեմի ընկերները կը սգան իր վաղաժամ կորուստը եւ կը վերարժեւորէն իր ազգային գործունէութեան տարբեր բնագաւառները, իբր տնօրէն, Բերիոյ թեմի Գաւառական ժողովի անդամ, Դատաստանական խորհուրդի ատենապետ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ կամ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ. մէկ խօսքով՝ համապարփակ ազգային գործիչ, որուն անունը անջնջելի պիտի մնայ հալէպահայութեան ազգային յուշագրութեան մէջ: Երանելի են անոնք, որոնք այս աշխարհէն կը մեկնին՝ նկատառելի աւանդ մը ու գեղեցիկ յուշերու խաչբուռ մը ձգելով իրենց ետին, ճախրելով դէպի յաւիտենութեան եւ անմահութեան ընդերքները:
Այս առթիւ, Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Շրջանաւարտից ընկերակցութիւնս կրկին կը ցաւակցի Իֆատեան, Հարպոյեան, Պէզճեան, Պէրէճիքլեան եւ Նարկիզեան ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր մտերիմներուն եւ գաղափարի ընկերներուն, որոնց հետ ամբողջ կեանք մը անցուցած է, յանուն ազգի ծառայութեան:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, թող այս խօսքերը բալասան ըլլան հարազատներուդ ու սիրելիներուդ եւ ամոքեն իրենց վիշտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.