Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Սիրտը կը կազմէ մկաններու ամբողջութիւն մը: Սրտի մկանները մարմինի այլ մկաններուն նման կը գործեն թթուածինով հարուստ արիւնով, որ կը հասնի սրտի պսակաձեւ զարկերակներուն (coronary artery) միջոցաւ: Սրտի մկանները կը դադրին գործելէ, երբ անոնք սպիանան եւ մահանան: Այս մէկը կը յառաջացնէ սիրտի անակնկալ ձախողանք (failure) եւ տեղի կ՛ունենայ սիրտի անակնկալ տկարութիւն եւ պրկումներու դանդաղում ու ներսրտային արեան արտամղումի (cardiac output) նուազում: Այս բոլորին հետեւանքով տեղի կ՛ունենայ «սրտամկանային անակնկալ սպիամահ» (acute myocardial infarction), զոր կարելի է կոչել «սիրտի անակնկալ սուր տագնապ»:
Սրտամկանային անակնկալ սպիամահ կը յառաջանայ պսակաձեւ զարկերակներու խցումով:
Անոր ախտանշաններն են.
1.- Կուրծքի, ծնօտի եւ բազուկներու ցաւ.
2.- Արեան ճնշումի նուազում.
3.- Գլխացաւ, գլխապտոյտ.
4.- Նուաղում (syncope):
Պսակաձեւ զարկերակները կը խցուին հետեւեալ պատճառներով.
1.- Արեան ճարպերու՝ քոլեսթերոլի եւ դրայկլիսերայտի (tirgly-cerides) բարձրացում.
2.- Արեան շաքարի բարձրացում.
3.- Արեան ճնշումի բարձրացում.
4.- «Սիկարէթ»ի գործածութիւն.
5.- Ուժգին հոգեկան եւ զգացական վերիվայրումներ.
6.- Ֆիզիքական գերաշխատանք:
Սրտամկանային անակնկալ սպիամահ կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի: Սխալ է այն կարծիքը, որ անիկա կը պատահի միայն տարեցներու: Անիկա կը պատահի նաեւ երիտասարդ տարիքի, մասնաւորպէս 35-50 տարիքներուն միջեւ:
Ամփոփ ձեւով խօսելէ ետք «սիրտի անակնկալ սպիամահ»ի մասին, կ՛ուզեմ անդրադառնալ մեր բարեկամ Տիգրանի առողջական արկածախնդրութեան:
Տիգրան՝ 45 տարեկան, ամուսնացած եւ երկու զաւակներու հայր էր: Ան յաղթանդամ եւ մկանաւոր անձ մըն էր: Կը կշռէր 95 քիլոկրամ եւ ունէր 160 սմ. հասակ: Տիգրան կը ծխէր օրական 30-40 «սիկարէթ», ունէր շատ լաւ ախորժակ, կ՛ուտէր առատ ճարպով եւ շաքարով հարուստ կերակուրներ: Ամէն ճաշի հետ կը սպառէր երկու գաւաթ ոգելից խմիչք: Կ՛աշխատէր օրական 10-12 ժամ՝ շաբթուան եօթը օրերը: Կը քնանար օրական միայն 4-5 ժամ: Ան միտքէն չէր անցներ, որ ինք կրնայ օր մը «սիրտի անակնկալ սուր տագնապ» ունենալ: Իր հայրը մահացած էր «սրտի անակնկալ սուր տագնապ»ովի, իսկ մայրը՝ շաքարախտի բարդութիւններով: Տիգրանը տարիներով բժիշկ չէր տեսած եւ չէր գիտեր իր արեան շաքարի, քոլեսթերոլի եւ դրայկլիսերայտի, ինչպէս նաեւ արեան ճնշաչափը (blood pressure): Ան մէկ տարիէ ի վեր կը գանգատէր ծնօտի ցաւէ, գլխու թեթեւ ցաւէ, յոգնածութենէ եւ շնչասպառութենէ: Տիգրանին կողակիցը կը գանգատէր, որ ան քունի ընթացքին շատ կը խռկար եւ երբեմն կ՛արթննար շնչադադարով (sleep apnea):
Տիգրան բազմազբաղ էր իր հեւքոտ գործով եւ ժամանակ չունէր բժիշկին դիմելու: Նոյնիսկ միտքէն չէր անցուցած, որ բժշկական խնամքի պէտք ունէր: Սակայն օր մը ան անկարող եղաւ գործի երթալու, որովհետեւ անոր ծնօտի ցաւը, գլխացաւը եւ շնչարգելութիւնը սաստկացած էին: Ասոնց հետ միատեղ ան ունեցաւ կրծքավանդակի ուժգին ցաւ, առատ քրտինք եւ գլխապտոյտ: Ան գետին ինկաւ ուժասպառ եւ կորսնցուց իր գիտակցութիւնը:
Տիգրան շուտափոյթ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր շտապ օգնութենէ ետք գտաւ իր գիտակցութիւնը:
Հիւանդանոցին մէջ կատարուեցան բժշկական զանազան քննութիւններ՝ արեան շաքարի, քոլեսթերոլի եւ դրայկլիսերայտի քննութիւններ, ինչպէս նաեւ պարզ սրտագրութիւն (EKG) եւ մարզանքով սրտագրութիւն (stress test) ու սրտի պսակաձեւ զարկերակներու գունաւոր նկարահանում (angiography): Այս բոլորէն ետք ի յայտ եկաւ, որ Տիգրան «սիրտի անակնկալ սուր տագնապ» կ՛անցնէր՝ սիրտի 4 պսակաձեւ զարկերակներու խցումով: Անոր արեան ճնշումը, շաքարը, քոլեսթերոլը եւ դրայկլիսերայտը շատ բարձր էին: Տիգրանը վիրաբուժական շտապ գործողութեան ենթարկուեցաւ: Սիրտին խցուած 4 պսակաձեւ զարկերակներու պատուաստում (angioplasty) կատարուեցաւ եւ զանազան դեղեր ներմուծուեցան կանոնաւորելու համար Տիգրանի արեան ճնշումը, շաքարը, քոլեսթերոլը եւ դրայկլիսերայտը: Ապաքինման հինգերորդ օրը Տիգրան ինքզինք գտաւ իր տան մէջ:
Այժմ, վիրաբուժական գործողութենէն ետք ան լրջօրէն կը հետեւի բժիշկներու թելադրութիւններուն, կ՛ուտէ չափաւոր եւ համաձայն յատուկ սննդականոնի, կը գործածէ իր դեղերը օրինաւոր ձեւով, ամէն օր կէս ժամ կը քալէ, շատ քիչ աղ եւ շաքարեղէն կը սպառէ, օրական 8-9 ժամ կը քնանայ եւ միայն 6 ժամ կ՛աշխատի: Արդէն 10 քիլօ նիհարցած է եւ ոչ մէկ հիւանդագին ախտանշան ունի:
Տիգրանին պատմութիւնը մեզ կը մղէ մատնանշելու որոշ տեղեկութիւններ եւ թելադրանքներ, որպէսզի կանխահաս «սիրտի անակնկալ սուր տագնապ»ի չմատնուին ոչ-տարեց անհատներ՝
1.- Չգիրնալ.
2.- Առատ շաքար, աղ եւ ճարպ չսպառել.
3.- Ուտել չափաւոր.
4.- Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի.
5.- Քնանալ նուազագոյնը օրական 8 ժամ, որովհետեւ քունի նուազումով արեան ճնշումը մագլցում կ՛արձագանգէ.
6.- Շուտով իմացնել բժիշկին քունի ընթացքին պատահած շնչահեղձութեան եւ կամ շնչադադարին ընթացքը եւ զարգացումը.
7.- Աշխատանքի մոլի չդառնալ (workaholic): Օրական աշխատիլ առաւելագոյնը 8 ժամ: Մասնգէտներ կը հաստատեն, որ օրական 11-12 ժամ աշխատող անձեր 60 տոկոսի համեմատութեամբ կարելիութիւնը ունին սրտանօթային հիւանդութիւն զարգացնելու, քան 8 ժամ աշխատող անձեր.
8.- Ունենալ համերաշխ եւ ուրախ ընտանեկան եւ ամուսնական կեանք:
9.- Կատարել օրինաւոր ամէնօրեայ մարզանք.
10.- «Սիկարէթ» չծխել.
11.- Ալքոլ չափաւոր գործածել.
12.- Ունենալ յերթական բժշկական այցելութիւն եւ արեան շաքարի, քոլեսթերոլի եւ դրայկլիսերայտի քննութիւններ.
13.- Դիմել բժիշկին անկնկալ հետեւեալ ախտանշաններու պարագային՝ ծնօտի ցաւ, կրծքացաւ, ուժգին գլխացաւ, առատ քրտինք, յոգնածութիւն եւ ուժասպառութիւն:
Իսկ չգիրնալու համար թելադրելի են հետեւեալները.
1.- Սպառել նուազ չափով ջերմոյժ հայթայթող եւ բարձր քանակով բնաթել եւ ջուր պարունակող սննդանիւթեր.
2.- Ուտել առատ բանջարեղէն եւ պտուղ.
3.- Խուսափիլ ճարպերէ եւ տապկոցներէ.
4.- Խուսափիլ շաքարով հարուստ զովացուցիչ խմիչքներէ.
5.- Ոգելից ըմպելիները գործածել չափաւոր քանակութեամբ.
6.- Հետեւիլ ամէնօրեայ եւ կանոնաւոր մարզանքի.
7.- Հեռու մնալ որկրամոլութենէ.
8.- Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի: