ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մտադիր է ստեղծել արտածման ապահովագրման կազմակերպութիւն: Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան առաջարկով՝ հարցը ներառուած է Հայաստանի կառավարութեան 17 Հոկտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ:
Ընկերութիւնը պիտի ստանձնէ արտածման առնչուած այնպիսի վնասներու հաւանականութիւն, որոնք ներկայիս կարելի չէ ապահովագրել Հայաստանի ապահովագրական շուկային մէջ։ Այդ վնասներու կամ կորուստի հաւանականութեան մէջ հիմնական են գնորդի սնանկութիւնը կամ վճարումը ինքնակամ չկատարելը (առեւտրային վտանգներ), արտածման թիրախ երկրին մէջ քաղաքական, պատերազմական իրավիճակը կամ բնական աղէտները, ինչպէս նաեւ այլ պատճառներ, որոնց լոյսին տակ գնողը չկարենայ վճարումներ կատարել։
Ընկերութեան կանոնադրական դրամագլուխը պիտի կազմէ 1.5 միլիառ դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.