ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահի թափուր պաշտօնին համար պիտի պայքարին երեք թեկնածուներ՝ Էդուարդ Միլիտոնեանը, Դաւիթ Սարգսեանը եւ Յովիկ Հովէյեանը: Այս մասին «Փանորամա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է թեկնածուները արձանագրող յանձնաժողովի անդամ, ՀԳՄ վարչութեան քարտուղար Պետրոս Դէմիրճեանը: Ան հաստատած է, որ 16 Հոկտեմբերին՝ ժամը 16.00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) աւարտած է թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտը:
Նշենք, որ Գրողներու միութեան նախագահութեան պարտականութիւնները ներկայիս դրուած են Էդուարդ Միլիտոնեանի ուսերուն: Հոկտեմբեր 20ին պիտի կայանայ միութեան արտակարգ համագումարը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուի նոր նախագահ:
«Յարգելի բարեկամներս, րոպէներ առաջ ինձ յայտնեցին, որ Հոկտեմբերի 20ին կայանալիք Հայաստանի Գրողների միութեան նախագահի ընտրութեան թեկնածուները պաշտօնապէս երեքն են՝ Էդուարդ Միլիտոնեանը, Յովիկ Հովէյեանը եւ ձեր խոնարհ ծառան: Ակնկալում եմ արդար, թափանցիկ եւ քաղաքակիրթ ընտրութիւններ… Ասենք, գրողների ընտանիքին հակառակ տարբերակն անյարիր եւ անպատուաբեր կը լինի: Յուսանք…», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած էր Դաւիթ Սարգսեանը:
Յիշեցնենք, որ նախապէս «Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գրողներու միութեան վարչութեան անդամ Յուսիկ Արան ըսած էր, որ Գրողներու միութեան երիտասարդական թեւը Գրողներու միութեան նախագահի իր թեկնածուն պիտի առաջադրէ: Սակայն, թեկնածուներու յայտարարուած ցանկին վրայ երիտասարդ գրողներ չկան:
Երիտասարդ գրող թեկնածուի չգոյութեան վերաբերող «Փանորամա»ի հարցումին ի պատասխան՝ Յուսիկ Արան դիտել տուած է. «Հաւանաբար սթափ գնահատել են իրավիճակն ու հրաժարուել թեկնածու առաջադրելուց»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.