ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– «Էրմիտաժ»ի մէջ՝ Մայր Աթոռի թանգարաններուն հետ համադրաբար, հայ եկեղեցւոյ եկեղեցական վարագոյրներու եւ խոյրերու ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի. այս մասին յայտնած են Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն՝ ներկայացնելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ «Էրմիտաժ»ի տնօրէն Միխայիլ Փիոտրովսքիի հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին Միխայիլ Փիոտրովսքի կաթողիկոսին ներկայացուցած է ցուցահանդէսին նախապատրաստական աշխատանքները։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը գոհունակութիւն յայտնած է Մայր աթոռի թանգարաններու եւ Պետական «Էրմիտաժ»ի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան համար՝ մասնաւորապէս գնահատանք յայտնելով հայ եկեղեցւոյ պատմական սրբազան արժէքներու վերականգնման եւ պահպանման աշխատանքներուն մէջ «Էրմիտաժ»ի տնօրէնին կողմէ Մայր աթոռին ցուցաբերուող մեծ աջակցութեան եւ մասնագիտական խորհրդատուութեան համար:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարեւոր դերակատարութեան՝ հայ հոգեւոր սրբազան արժէքներու հաւաքագրման ու պահպանութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ թանգարանային ցուցադրութիւններու ընդլայնման հեռանկարներուն առումով:
Հանդիպումէն ետք Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Միխայիլ Փիոտրովսքին այցելած են «Ռուբէն Սեւակ» նորաբաց թանգարան, ինչպէս նաեւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.