
Յունուար 18, 2014ին ճամբայ մեկնող Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան կազմակերպած Հայ աւանդական 17րդ նաւապտոյտին ընթացքին, նախորդ տարիներու նման, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ հայկական Եռագոյնով լաւագոյն հագուստը պատրաստելու մրցոյթ մը՝ երեխաներու եւ չափահասներու համար:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ մրցումին մասնակցելու եւ արձանագրուելու համար, դիմել Պարպարա Յարութիւնեանին՝ BarHar307@aol.com հասցէով:
Նաւապտոյտին ընթացքին, աւազաններէն մէկուն շուրջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել faye@travelgroupint.com հասցէին, (866) 447-0750 թիւին, կամ այցելել www.ArmenianHeritageCruise.com կայքը: