
ՐԱՖՖԻ ՄԱԼԱԹԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Փետր. 12, 1959ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Րաֆֆի Մալաթեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2013ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2013, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Մարալ Մալաթեան եւ զաւակները՝ Փաթիլ եւ Յակոբ
Եղբայրը՝ Սեդօ եւ Մանուշ Մալաթեան եւ զաւակները՝ Նայիրի եւ Նարեկ
Աները եւ զոքանչը՝ Մանուկ եւ Մարի Տուրնայեան
Խնամիները՝ Ճորճ եւ Աննա Չոլաքեան
Աներորդին՝ Կարօ եւ Վիքի Տուրնայեան եւ զաւակները (Հալէպ)
Աներորդին՝ Ճորճ եւ Զապէլ Տուրնայեան եւ զաւակները (Հայաստան)
Հօրաքոյրը՝ Ալիս եւ Յակոբ Գրիգորեան
Հօրեղբօր կինը՝ Եւա Մալաթեան եւ զաւակները
Քենին՝ Երան եւ Պերճ Սեդրակեան եւ զաւակները
Եւ համայն Փանոսեան, Ալթունեան, Ֆստըքճեան, Մովսէսեան, Գէորգեան, Արսլանեան, Եուսուֆեան, Պետեան, Տուզաճեան, Մըհրի, Գարամանուկեան, Պուռունսուզեան, Տուրնայեան, Եղիայեան, Չիլինկիրեան, Տէր Պետրոսեան եւ Մանուկեան ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ACF Glendale-ին: