ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Տարիներ առաջ էր՝ պատանութեան օրերուն, երբ տակաւին նարնջենիներու պարտէզները կ՛երիզէին մեր թաղերը եւ ուր ճամբաները ասֆալթապատուած չէին, իսկ մենք արդէն մանկութենէն սկսեր էինք զգալիօրէն հեռանալու։ Մանաւանդ տակաւին, Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ ամէն առտու կ՛երգէին «Առաւօտ Լուսոյ»ն, որուն արձագանգները մէկ-երկու հարիւր մեթր անդին գտնուող մեր տուները կ՛օրհնէին։ Շարականները օղակ առ օղակ կը միաւորէին եկեղեցին ու ժողովուրդը՝ վերածելով եկեղեցին անեղծ ու թանձրացեալ իրաւութեամբ մեր հաւատքի տաղաւարին։ Հաւատացեալը կը հաւատար ու կը վստահէր անոր ծառայողներու հարազատութեան, ու ոչ ոքի մէջ ոչ մէկ կասկած գոյութիւն ունէր՝ զայն սպասարկողներու ստուգութեան հանդէպ, ու չէր սպասեր անոնցմէ ոեւէ մէկուն հրաժարման, հեռացման։ Մեր ժողովուրդը հաստատակամ՝ կը մերժէր եկեղեցին վերածել մեր ժողովուրդի պարունակին միայն՝ զուրկ իր հաւատքի առաքելական կորիզէն։
Այդ շարականներէն անկախ, միտքիս մէջ դրոշմուած է ու ատենը մէկ կը յիշեմ, կարծէք կ՛այցուիմ շքեղ յաճախանքէ մը՝ սրնգահա՞ր թէ փողահարն է, որ այդ օրերուն, երբեմն գիշերները, ընդհանարպէս կէս գիշերէն ետք, կը նուագէր իր փողը կամ սրինգը, եւ որուն ոստոստող թրթիռները այնքա՜ն յուշիկ, այնքա՜ն թեթեւ կերպով, երգերուն կշռոյթով մեր տուները կ՛ողողէին իրենց օրհնաբեր արձագանգներով։ Այդ երգերը Ծննդեան գիշերներու «Խորհուրդ Մեծ»ն էր ու Զատկուան գիշերներու «Քրիստոս Յարեաւ»ը։ Գիտէի այդ երգերը, մենք եւս այդ պահերուն կ՛երգէինք տունէ-տուն այցելելով, քանի մը գաթայ կամ քանի մը դահեկան ստանալու համար, եւ մէկ-երկու ժամ ետք, կազմ ու պատրաստ, առաւօտ կանուխ, երբ ժամը կը մօտենար չորսին, կ՛աճապարէինք դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, տօնական օրերու առաւօտեան ժամերգութիւնը սկսելու։
Այս շարականներէն զատ կը նուագէր նաեւ երկու երգ, որ այնքա՜ն յուզաթաթաւ ու առինքնող ջերմութեամբ մեր պատանիի տպաւորուող միտքերով իսկ կը զգայինք, կ՛անդրադառնայինք տարբեր այն զգայնութիւններուն եւ ապրումներուն, որոնք այդ երգերը կ՛արթնցնէին մեր մէջ եւ որոնց հեղինակներուն ներշնչանքին ու երկունքին ծնունդն էին այդ արուեստի մարգարիտները։ Շատ ժամանակ չանցած՝ այդ երգերը անուն ու հեղինակ ունեցան՝ սորվեցանք անոնց ինքնութեան հասցէները ու վաւերականութեան անհերքելի իրաւութիւնն ու ամրակուռ կարկառները՝ Յակոբ Օշականի պատկերով՝ «Տը Լե Եաման»ն ու «Որսկան Աղբեր»ը։
Այժմ չեմ գիտեր ու չեմ ալ յիշեր անունը այդ տղուն, բայց թէ ինչո՞ւ աղոտ կերպով, հին, տժգունած պատկերի մը նման, շէկ մազերով երիտասարդի մը ուրուագիծը կը յամենայ յիշողութիւններու պաստառին վրայ, առանց վստահ ըլլալու, թէ ի՛նքն է այդ ուրուագիծը։ Ո՞վ էր, ուրկէ՞ եկած էր, ո՞ւր սորված էր նուագել՝ ոչ մէկ տեղեկութիւն։ Բայց այդ տղան ու իր սրինգը մեզ մեր երգերուն կապեցին, մեր երգերը սիրել սորվեցուցին։ Շատ չանցած, նստած դպրոցական սեղաններուն առջեւ, կ՛ունկնդրէինք մեր ուսուցիչներուն, որոնք կը խօսէին մեր տաղերուն մասին, մեզ հաղորդակից ընելով մեր ինքնութեան սկզբնաղբիւրին հետ, որքան որ կարելի էր ու որքան որ կարող էին, որովհետեւ այդ կապը հաստատող, զայն ամրագրող շաղախը՝ հայրենի հողը, մեր ոտքերուն տակէն կորսուած էր, յափշտակուած էր։ Եւ վերջապէս, տարիներ ետք, Նիւ Եորքի մէջ, Նիւ Եորքի թիւ մէկ վանեցին՝ գերշն. տէր Թորգոմ սրբազանը, ՆՍՕՏՏ Վազգէն Ա. հայրապետին՝ Ամենայն հայոցին այցը ողջունեց այդ տաղին բառերով՝ «Արեւ Դիպաւ Մասիս Սարին»։ Կեանքի հսկայական շրջանակը, սկսած այդ սքանչելի հայրենակորոյս տղուն կատարումով, կարծէք կը փակուէր կորով ու վստահութիւն ներշնչող այդ հայրենիքի մէկ շերտի հայրապետին ներկայութեամբ ու այդ ներկայութիւնը պատուող մեր ժողովրդական երգին շքեղ ու պայծառակերպող պատկերով։
Սփիւռքի մէջ Մասիս սարը չունինք այլեւս։ Զայն չենք տեսներ, երբ ամէն առտու կ՛արթննանք՝ ոյժ ու խանդավառութիւն առնելու անկէ։ Տարօրինակ, սակայն չենք ալ կրնար մոռնալ, եթէ նոյնիսկ ուզենք իւրաքանչիւրս մեր առօրեայ մտահոգութիւններով զբաղիլ։ Մենք, մեր ժողովուրդը, անզգալաբար եւ անսխալելի, անվրէպ բնազդով մեր եկեղեցին փոխարինեց հայրենի մեր Նոր Մասիս սարով, որ վայրենածին ոչ մէկ ոսոխ կրնայ խլել, յափշտակել մեզմէ, իւրացնել զայն։ Եկեղեցին եղաւ Նոր Մասիս սարը, ուրկէ իւրաքանչիւր առաւօտ գիտութեան, մշակոյթի, ազգային ինքնութեան լոյսն է, որ կը ծագի ու կը տարածուի, շաղ կու գայ իւրաքանչիւր հայ դպրոցին ու անոր հայ աշակերտներու տարմերուն վրայ, որոնք հասակ կ՛առնեն եկեղեցւոյ լուսաւորող, յուսադրող հովանիին ներքեւ։
Զարմանալի չէ, բնաւ, թէ ինչո՞ւ յիսուն տարի առաջ հոս, Միացեալ Նահանգներու մէջ Սրբոց Նահատակաց տաճարը կերտուեցաւ, կերպարանք առաւ Անիի Մայր տաճարի պատկերով ու միեւնոյն նպատակով։ Ինչո՞ւ շինուեցաւ անիկա։ Փաստօրէն, ժողովուրդը հոս էր, հոս մէկտեղուեցաւ նոր զանգուածային գաղթականութեան մը հետեւանքով, որովհետեւ հոն, ուր կայք հաստատեր էր Եղեռնէն անմիջապէս ետք, հայրենամերձ այդ երկիրները սկսան մէկ առ մէկ տեղի տալու ներքին ճնշումներու՝ մրցակից գաղափարաբանութեանց հետեւանքով, երբեմն յանգելով տարիներ տեւող քաղաքացիական պատերազմներու։ Նոյնանման յեղաշրջումներու ժամանակակից յառաջընթացին ականատեսներն ենք այժմ՝ Եգիպտոսէն մինչեւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ ծաւալուող դէպքերուն վկաներն ըլլալով։ Թուրքիան պիտի շարունակէ՞ զերծ մնալ նման յեղաշրջումներէ։ Կը յուսանք ու կը մաղթենք, թէ չի մնար, նկատի ունենալով քրտական շարժման նոր հանգրուանն ու… հին պահանջները։
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Միջին Արեւելքի մէջ, հոս եւս նոյն ընթացքն է, որ կ՛որդեգրէ մեր ժողովուրդը։ Առաջին հերթին կը հիմնէ եկեղեցին։ Իր եկեղեցաշէն տաղանդն է, որ կ՛իրականացնէ շէնքին կառուցումը եւ շէնքը կը վերածէ իրաւ եկեղեցւոյ խորհրդանիշի ու պատնէշի, միեւնոյն ատէն իր քրիստոնէական հաւատքին ու այդ հաւատքին հանդէպ հաւատարմութիւնը փաստուած՝ իր ամբողջական ու բոլորանուէր անոր յարումով։ Որեւէ հասարակական հաստատութենէ, գործելաձեւէ, քաղաքական դերէ անդին, մեր եկեղեցին մեր հաւատքն է, ու մեր հաւատաւորութիւնը՝ անոր անքակտելի տունը, մեր ժողովրդի անվտանգութեան ամպհովանին։ Որեւէ այլ նպատակ, ազգապահպանման կամ որեւէ տարբեր դրսեւորում անոր առաքելութեան, կը բխի այդ հաւատքէն, որովհետեւ մեր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մենք մեր քրիստոնէական հաւատքին վրայ կերտեցինք մեր ազգային ու քաղաքական խառնուածքը՝ իր հաւատալիքներով ու նպատակներով պայմանաւոր։ Զայն ըրինք համազգային մշակոյթի ու ծնաբանական ինքնութեան մեր համագոյքը եւ գոյատեւեցինք։ Եկեղեցին ըրինք եկեղեցի, եւ ոչ թէ բնութեան տարերքէն կամ թուրք ոճրագործներէ մեզ պաշտպանող սոսկական, ֆիզիքական շէնք կամ թուրքերու մտայղացումով… հրկիզարան։ Որպէսզի եկեղեցւոյ պատգամը հասցնենք ժողովուրդին, անոր քովն ի վեր կառուցեցինք ազգային վարժարան, ուր յաջորդական մատաղ սերունդներ կը հրազինուին անոր գիտութեան լոյսով՝ անդրդուելիօրէն կառչած մեր պապերու հաւատքին վրայ։
Այս պատգամին համար, Սփիւռքի մէջ տարածուած մեր եկեղեցիները, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին անոնցմէ մին, իրենց երկնասլաց քառաթեւ խաչով կը կատարեն իրենց վստահուած արեգակնական առաքելութիւնը՝ գիտութեան, հաւատքի լոյսը սկիզբ առած, լուսաւորչէն հայութեան, կը հեռարձակեն դէպի հայ վարժարան, ուր հազարաւոր մանուկներ կը կենսաւորուին այդ հաւատքով։ Անծանօթ եւ կամ շատ անվրիպելիօրէն ճշգրիտ հեղինակը՝ մեր ժողովուրդը, «Տը Լէ Եաման»ին, քանի մը դարով կանխած է Այնշթայնն ու անոր համատաղանդ գիտութեան մեծ քուրմերը քսաներորդ դարու առաջին երկու-երեք տասնամեակներուն, երբ հայ շինականը լոյսին կը վերագրէ նաեւ նիւթի, տարրի ֆիզիքական բնոյթ, որովհետեւ լոյսի աննիւթական հուրը չի կրնար «դիպնալ» Մասիս Սարին, բայց լոյսը իր նիւթեղէն, տարրային բնոյթով կրնայ եւ արդէն իսկ «դիպած» է ու ջահավառած Մասիս Սարը, եւ մեր օրերուն, Սփիւռքի մէջ, Հայ Վարժարանը։ Ահա ուրեմն, մեր հաւատքի լոյսը՝ «մեր ձեռքի թուր, մեր հոգու լար», մեզ պահող, մեզ կենսաւորող ու վերանորոգող, կը նոյնանայ բնագիտութեան էն բարդ յղացքներէն մէկուն հետ, վերածելով զայն այնքա՛ն պարզ, այնքա՛ն դիւրըմբռնելի ու սրտառուչ անհրաժեշտութեան՝ մեր հաւատքի Խորանի լոյսին, շարականին բառերով.
Լո՛յս, արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս
Ծագեայ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի:
Զարմանալի չէ ուրեմն լոյսը պանծացնող շարականներու առկայութիւնն ու անոնց շռայլօրէն պայծառակերպող մեր հոգեւոր գրականութեան, երաժշտութեան ու մշակոյթին ընդհանրապէս, արարչական հրայրքով ջահավառումը։