ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը՝ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան հետ Հոկտեմբերի աւարտէն մինչեւ Նոյեմբերի կէսը պիտի կայացնէ ամերիկեան վաւերագրական ժապաւէններու փառատօն:
«Երիտասարդների ներուժը» խորագիրին տակ կազմակերպուող փառատօնի հիմնական նիւթը կը վերաբերի արուեստին, կրթութեան, կլիմայի փոփոխութիւններուն: Փառատօնի օրերուն վաւերագրող-բեմադրիչներ Ճէյ Ռոզընպլաթ, Քեթի Տելամաճէօրի եւ Նելսըն Տելամաճէօրի պիտի վարեն ֆիլմաստեղծման վարպետութեան եռօրեայ դասեր «ԹՈՒՄՕ» յաճախող պատանիներուն համար:
Փառատօնի հանրային իրազեկման նիւթերը պատրաստած եւ ձեւաւորած են «ԹՈՒՄՕ»ի խումբ մը պատանիներ՝ յատուկ այդ նպատակով կայացած դասընթացքին ընթացքին: Ցուցադրութիւնները բաց պիտի ըլլան բոլորին համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.