Հայկական վարժարանները շուրջ 2 ամիսէ ի վեր վերաբացած են իրենց դռները ու լծուած հայակերտման աշխատանքին։
Յատուկ դպրոց մըն է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը ու անոր կողքին գործող պատանեկան միութիւնները։ ՀԵԴ պատանեկան միութիւնները այն միջավայրն են, ուր հայ պատանին հաղորդ կը պահուի մեր դարաւոր հարուստ պատմութեան ու ազգային եւ գաղափարական շունչ կու տայ անոր։ Այս աշխատանքը տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուի, ու այս օրերուս՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, յատուկ իմաստ կը ստանայ անիկա, որովհետեւ հայ պատանին ու երիտասարդն են մեր պահանջատիրութիւնն ու մեր ժողովուրդի արդար ու սրբազան իրաւունքներու պաշտպանութեան ջահը վառ պահողները։
Երիտասարդականի աշխատանքերուն նորագոյն վկայութիւնը արձանագրուեցաւ վերջերս, երբ ՀԵԴն կազմակերպեց բողոքի հաւաք մը՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ալի Պապաճանի այցելութեան առթիւ. հաւաք, որ բոլորս, անգամ մը եւս, հպարտութեամբ ու պահանջատէր ոգիով համակեց՝ վերանորոգելով մեր ուխտը եւ յայտարարելով՝ «Չենք մոռցած. պիտի չմոռնանք»։
Այս ծիրին մէջ, Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀԵԴ «Սարդարապատ» ուխտն ու «Սիմոն Վրացեան» Պատանեկան Միութիւնը կը կանգնին իրենց վերամուտի սեմին։ «Սիմոն Վրացեան»ի պատանեկան-ծնողական առաջին հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2013ին, ժամը 4էն մինչեւ 6։ Միութեան ժողովները պիտի սկսին Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2013ին, ամէն Շաբաթ օր ժամը 4էն մինչեւ 6:
Մշակուած է տարեկան ծրագիր մը, որ կը միացնէ հաճելին ու օգտակարը՝ ներառելով պտոյտներ, դաստիարակչականներ, հաւաքներ, միջմասնաճիւղային հանդիպումներ եւ այլն։ Իբրեւ վարիչներ, աշխատանքի հրաւիրուած են երկու փորձառու ընկերներ։ Ինչպէս անցեալին, Պատանեկութիւնը պիտի շարունակէ վայելել ծնողաօժանդակ մարմինի մը հսկողութիւնը։
Արդ, դարձեալ մղենք մեր զաւակները անդամակցելու այս «դպրոց»ին։ Զանոնք դնենք հայաշունչ ու ազգանուէր շրջապատի մէջ ու մեր մասնակցութեամբ գործնականօրէն մեր բաժինը բերենք ազգապահպանպան գործին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.