Ժ. Չ.

Փիւնիկի նման իր մոխիրներէն յառնած է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին: Պատմական Արեւմտահայաստանի մէջ, Թուրքիոյ հարաւարեւելքը, հայութեան վերադարձուած միակ հայկական եկեղեցին է, որ այսօր կրօնափոխ եւ գաղտնի հայերու հոգեւոր ապաստանը կը հանդիսանայ: Եկեղեցական հսկայական համալիրը տեղ կը տրամադրէ հազարաւոր ուխտաւորներու ընդունելութեան: Թէեւ անոր վերանորոգումէն եւ պաշտօնական վերաբացումէն ի վեր՝ 2012 Նոյեմբերին, անիկա տակաւին հոգեւոր հովիւ չունի՝ հակառակ Պոլսոյ պատրիարքութեան տուած հաւաստիքին, այսուհանդերձ, Սուրբ Կիրակոսը տեղւոյն քօղարկուած հայերուն՝ ճակատաբաց իրենց ինքնութիւնը հաստատելու եւ անքօղ արտայայտուելու համար բացարձակ հաւաքավայրը դարձած է:
Արդարեւ, այցելուներու շարքերը մրջիւնի ժրաջանութեամբ կը մտնեն եկեղեցւոյ դռնէն ներս: Դուրսէն այցելուի մը համար հասկնալի չէ, թէ ո՞ր տեղէն կու գան այսքան այցելուներ, թէ ի՞նչ է այն մղիչ ուժը, որ տեղահանութենէն, կոտորածներէն 100 տարի ետք՝ այդ հանրութիւնը կ՛առաջնորդէ եկեղեցւոյ դուռ: 100 տարուան կրակ մը, որ մնացած է անմար՝ իսլամի, քիւրտի, թուրքի դիմակին տակ, մնացած է անաղարտ, փոխանցուած՝ սերունդէ սերունդ: Աւելի՛ հայ, հոգեպէ՛ս հայ, քան Հայաստանի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք բարեկեցիկ տնտեսական պայմաններու կամ ընկերային պատշաճումներու ենթարկուելով՝ հայութենէն կը պահեն միայն իրենց հայկական մականունը:
Սուրբ Կիրակոսը դարձած է այն առաջին հանգրուանը, ուր կը յամենան թաքնուած հայերը՝ իրենց պապենական հաւատքը, իրենց ինքնութիւնը լիարժէք կերպով ու գլխաբաց ստանձնելու: Ոմանց համար տակաւին կանուխ է բացայայտ կերպով հայութեան վերադարձ կատարելու քայլը: Սակայն, Ս. Կիրակոսը կը մնայ անշրջանցելի առաջին քայլը:
Ըստ տեղւոյն քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի կողմէ տրուած պաշտօնական տուեալներուն՝ 2000ականներուն սկիզբը Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ միայն երկու հոգի ինքզինք հայ կը յայտարարէր: 2012ին, այդ թիւը բարձրացած է 200ի: Սակայն Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը եւ բացումը շատ բան փոխած են տեղւոյն հայութեան կեանքին մէջ: Քահանայի մը ներկայութիւնը եւ հայերէնի դասընթացքի մը հաստատումը նոր շունչ պիտի տար տասնեակ տարիներէ ի վեր լոյսի կարօտ թաքնուած այդ հոգիներուն (ի միջի այլոց, ինչպէս արդէն ըսուած է՝ Տիարպեքիր քաղաքի Սուրի թաղապետութիւնը հայերէնի դասընթացք հաստատած է արդէն):
Տիարպեքիրը Պոլիսէն 1500 քիլոմեթր հեռու կը գտնուի. գաւառային այս փոշոտ քաղաքին մէջ շատ բան փոխուած է քիւրտ քաղաքապետին՝ Օսման Պայտեմիրի, ընտրութենէն ի վեր: Դեռ տասը-տասնհինգ տարի առաջ, գաւառային «յետամնաց» նկատուող այս քաղաքը, այսօր, մէկ միլիոն բնակչութեան տէր է: Անիկա դարձած է Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան մայրաքաղաքը: Քաղաքապետը բծախնդիր հոգածութեամբ վերակառուցել տուած է եկեղեցին: Վերանորոգման ծախսերուն 30 տոկոսը յանձն առնուած է վերջինիս կողմէ: Անոր հովանաւորութեամբ՝ Սուրբ Կիրակոսը, իբրեւ հայութեան իրաւական գոյք՝ վերադարձուած է անոնց: Վերադարձուած է նաեւ եկեղեցապատկան կալուած մը: Քաղաքապետին երաշխիքով՝ կազմուած է տիգրանակերտցի հայերու յանձնախումբ մը, որ ճարտարապետութեան եւ շինարարական աշխատանքներու վերահսկումին հետեւած է եւ հանգանակութիւն կազմակերպած:
Ըստ Ուտի Երուանդին՝ եկեղեցւոյ նորոգութեան ծախսը արժած է 5.3 միլիոն թրքական լիրա, որուն 1.3 միլիոնը դեռ կը մնայ անվճար: Աշխարհով մէկ ցրուած տիգրանակերտցիները եւ մանաւա՛նդ տեղացիները յանձն առած են 70 տոկոսը վերանորոգման գումարին:
Ուտի Երուանդ Պոսթանճի՝ բնիկ տիգրանակերտցի, երաժիշտ եւ ուտ նուագող մըն է, որ 1993ին մեկնած էր Ամերիկա: Հակառակ տեղւոյն բարենպաստ պայմաններուն, հոգիով ու սիրտով կը մնայ տիգրանակերտցի: 2004ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Տիգրանակերտ, մասնակցելու համար երաժշտական փառատօնի մը: Քաջալերուած քաղաքապետ Պայտեմիրի խանդաղատանքէն՝ կ՛որոշէ վերադառնալ ապրելու համար իր քաղաքը ու կը նուիրուի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան աշխատանքին: Ան աշխուժօրէն կը մասնակցի եկեղեցւոյ շինութեան եւ բարեխնամութեան գործերուն, տեղւոյն վրայ կազմուած փոքրիկ յանձնախումբի մը հետ, ինչպէս նաեւ կու տայ դրամահաւաքի յատուկ համերգներ: