ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Գաղտնի սպասարկութեանց համար սովորական երեւոյթ է տեղեկահաւաքը: Պետութիւններու եւ կառավարութեանց առողջ պահպանումին ու մանաւանդ այդ երկիրին մէջ ապրող քաղաքացիներու կեանքի ապահովութեան առումով, նոյնիսկ անհրաժեշտ բաժանմունք է սա: Անշուշտ նման բաժանմունք բացարձակ գաղտնապահութեան սկզբունքով կը գործէ, հետապնդումներու եւ անհատական հարցուփորձերու ճամբով ի յայտ բերելու համար ճշմարտութիւններ ու վերահաստատելու համար արդարութիւնը:
Օրինական ու կարեւոր այս աշխատանքին լծուած կ՛ըլլան բազմաթիւ պաշտօնեաներ, գործակալներ ու մասնագէտներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գործին տիրապետած եւ որոշ փորձառութիւն ունեցող անձ կ՛ըլլայ առհասարակ: Մասնագիտական այս մօտեցումին արդիւնքը ընդհանրապէս դրական է, որովհետեւ իրաւազրկուած բազմաթիւ անձեր, տեղեկահաւաքի կատարած բացայայտումներով, կը վերատիրանան իրենց կորսնցուցած իրաւունքներուն, իսկ միւս կողմէ, անիրաւներ կը գտնեն իրենց արդար պատիժը կամ բանտերու մութին ու տաժանքին ենթարկուելով եւ կամ՝ մահով իրենց արդար վախճանին արժանանալով:
Վասն արդարութեան կատարուող տեղեկահաւաքի այս գործընթացէն բացի, սովորական անձեր եւս ներքին մղում կ՛ունենան նման աշխատանք կատարելու, սակայն ո՛չ իրենց յանձնարարուած աշխատանք իբրեւ կատարելով զայն, այլ՝ բնական հետաքրքրութեամբ: Սա, իրենց մէջ բնատուր ձգտում ըլլալէ բացի, նաեւ դաստիարակութեան ճամբով փոխանցուած երեւոյթ կրնայ ըլլալ: Օրինակ, մօր տուած ուղղութիւնը իր երեխային, սկսեալ շատ վաղ տարիներէն, կրնայ հետաքրքրասիրութեան կրակը վառել անոր հոգիին մէջ: Մինչեւ անգամ մարդ կրնայ հետաքրքրուիլ արեւուն թողած շուքով, զոր կրնայ մարդու նմանցնել…
Հետաքրքրութիւնը ունի իր դրական ու ժխտական երեսները: Շրջահայեաց ըլլալն ալ հետաքրքրութեան աստիճանաչափերէն մէկն է, սակայն շա՛տ բնական ու շա՛տ շինիչ: Այլապէս, անոր փոխարէն յայտնուող անտարբերութիւնը՝ կրնայ կործանարար ըլլալ: Մարդ, երբ չհետաքրքրուի իր շրջապատով, կրնայ շատ վտանգներու հանդիպիլ: Ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէ ըսել՝ լոյս աչքով զինք կը տապալեն, իսկ ինք լուր անգամ չունենար: Ուրեմն, շրջահայեցութեամբ բացատրուող հետաքրքրութիւնը ինքնին դրական երեւոյթ է մարդ անհատի կեանքին մէջ:
Դրական այս հետաքրքրութենէն բացի, ծայրահեղ երեւոյթ իբրեւ յայտնուող հետաքրքրութիւնը արդէն հիւանդագին կացութիւն է ոեւէ անհատի կեանքին մէջ: Ատիկա կրնայ մինչեւ իսկ կասկածամտութեան առաջնորդել, որ ինքնին քանդիչ հանգամանք ունի մարդկային առօրեայ կեանքին մէջ:
Թէ ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել հիւանդագին տեղեկահաւաքը, շինիչ ու բարերար տեղեկահաւաքէն: Բնականաբար, պետութիւններէ բացի, անհատ մարդիկ եւս կրնան շինիչ ու դրական նպատակներու համար տեղեկահաւաք կատարել: Օրինակ, եթէ մարդ իր զաւակներու ապագայ ապահով կեանքին համար տեղեկահաւաք կատարէ, ուրիշ խօսքով՝ հետաքրքրուի անոնց այցելած վայրերով կամ կենսագրականներով այն ընկերներուն, որոնց շատ կը հանդիպին իր զաւակները, բարերար արդիւնք ձեռք ձգելու տեղեկահաւաք կատարած կ՛ըլլայ: Այս տեսակի տեղեկահաւաքին մէջ մասնագէտ են մանաւանդ մայրերը: Անոնք աստուածատուր ձիրք ունին հետեւելու իրենց ծնած զաւակներու կեանքին ու ընդհանրապէս աճման:
Տեղեկահաւաքի վերոյիշեալ օրինակը բնականաբար իր լաւ արդիւնքը պիտի տայ, որովհետեւ մեկնակէտը բարի է, իսկ նպատակը՝ անշահախնդիր: Անսակարկ նուիրումով տեղեկահաւաք կատարող բարի անձերու հեռակայ նպատակները, երբ մարդոց բարիքը կը հետապնդեն, այն ատեն անոնց կատարած աշխատանքին բնոյթը բարի կ՛ըլլայ:
Ի՞նչ կարելի է ըսել սակայն, անտեղի ու չարամիտ տեղեկահաւաքին, որ ոմանց պարագային ամէնօրեայ հացի ու ջուրի նման սնունդ ըլլալէ բացի, օդի նման կենսական է՝ իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար:
Ասիկա հիւանդութեան տեսակ է, որ կարելի է անբուժելի համարել: Ով որ մնայուն տեղեկահաւաքի մէջ է, ու այն ալ անտեղի պատճառով, պարզապէս յագեցնելու համար իր հետաքրքրութիւնը, չի՛ տարբերիր անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող մարդէն, որուն շուտափոյթ վախճանը յստակ է:
Տեղեկահաւաքի հիւանդութիւնը «վարակի»չ է: Սոյն հիւանդութեան վարակիչ ըլլալը չի՛ վերաբերիր ատոր տարանցիկ ըլլալուն, այլ՝ անձին կողմէ հաւաքուած նիւթերը ուրիշին փոխանցելուն համա՛ր «վարակի»չ կը կոչուի այս «հիւանդութիւն»ը: Անտեղի տեղեկահաւաք կատարող մարդիկ բնա՛ւ չեն ուզեր միայն իրենց վերապահել այն տեղեկութիւնները, զորս ամբարած են:
Տարօրինակ է այս երեւոյթը, որովհետեւ ինչ որ կեանքի մէջ դժուարաւ ձեռք ձգենք, առհասարակ կ՛ուզենք մեզի վերապահել զայն, իբրեւ մեր սեփական հարստութիւնը: Այդպէս չէ՞ նիւթական հարստութեան պարագային, զոր մարդիկ մէյ մը ամբարելէ ետք, դժուարաւ ուրիշին կը փոխանցեն կամ կու տան, նոյնիսկ նուէրի կամ ողորմութեան ձեւին տակ: Մէկը իրեն եղած նուիրատուութիւն կատարելու առաջարկը մերժելով կը պատասխանէր. «Հոգիս կու տամ, բայց դրամս՝ ո՛»չ: Սակայն վերոյիշեալ «հիւանդութիւն»ը ունեցողներ, որոնք երբեմն ինչքա՜ն դժուարութեամբ կը հաւաքեն այդ տեղեկութիւնները, նոյնիսկ իրենց անձը վտանգելով յաճախ, ամենայն առատաձեռնութեամբ մէկ վայրկեան իսկ չեն ուզեր թաքցնել այդ «գանձեր»ը իրենց միտքի պահեստանոցին մէջ: Անոնք կ՛ուզեն բոլորին սեփականութիւնը դարձնել իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները ասոր կամ անոր մասին:
Ո՞վ, ո՞ր ժամուն տունէն դուրս եկաւ, կամ որո՞ւ հետ տեսնուեցաւ, ի՞նչ հագած էր, քանի՞ ժամ մնաց դրացիին տունը, ո՞վ էր այն անձը, որ ճամբու եզրին ծրար մը յանձնեց իրեն, մինչեւ ե՞րբ կը մնայ գործատեղիին մէջ, որո՞ւն ինքնաշարժով կը վերադառնայ, ո՞ւր կ՛իջնեցնէ զինք բերողը, շաբաթավերջերուն որո՞ւն հետ կը զբօսնու, ո՞ր ժամուն տուն կը վերադառնայ, կամ ե՞րբ պիտի ամուսնանայ արդեօք…
Հետաքրքրասէր մարդոց համար շա՜տ խիտ ու ամփոփ ցուցակ է այս: Անոնք միշտ կը ճոխացնեն այս ցանկը ու իրենց ծանօթներուն թէ անծանօթներուն կը ցրուեն, միշտ անկատար համարելով իրենց ստանձնած անպաշտօն «առաքելութիւն»ը: Անպաշտօն, այո՛, որովհետեւ ո՛չ ոք յանձնած է իրենց նման «պարտականութիւն», որպէսզի հետեւին ուրիշներու կեանքին: Սակայն ներքնապէս զիրենք այրող հետաքրքրութիւնը չի՛ թողուր, որ անտարբեր մնան ուրիշներու կեանքին նկատմամբ: Այդ անտարբեր չմնալը սակայն, բարիք չէ՛ այդ ուրիշներուն ընծայուած, այլ՝ վնաս, թունաւորում, քայքայում, պառակտում, վիճաբանութեան ու թշնամանքի պատճառ, մինչեւ անգամ սպանութեան առիթ…
Տեղեկահաւաքը նաեւ շուտով կը ծերացնէ մարդը, ամէնօրեայ ճնշումի տակ դնելով զայն: Իրենք իրենց գաղտնի ոստիկանի համազգեստ հագցուցած այս ողորմելիները օրն ի բուն այս «առաքելութեան» նուիրուած, չեն անդրադառնար, թէ ինչպէ՜ս կը թռչին տարիները, ամիսներն ու օրերը իրենց կեանքին: Վերջապէս, աւարտին կը տեսնեն, թէ ո՛չ մէկ աշխատանք տարած են կամ իրագործում կատարած են, իսկ այն նիւթերը, զորս ինչքա՜ն դժուարութեամբ հաւաքած ու պահած էին, ժամանակը անցած պահածոյի տուփի նման ժամանակավրէպ դարձած են ու փճացած:
Իւրաքանչիւր օրուան մտահոգութիւնը ինքնին բաւարար է (Հմմտ Մտ 6.34): Յաւելեալ տեղեկահաւաքի կարիք չունիս: