ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3ին պիտի շարունակուի Չաղլայանի դատական պալատին մէջ: Այս առիթով, «Հրանդ Տինքի ընկերները» կոչ մը հրատարակեցին եւ իրենց խօսքը ուղղելով պետական շրջանակներուն՝ ըսին. «Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ որո՞նք էին իսկական ոճրագործները, մի՛ թաքցնէք անոնց անունները եւ դատարան յանձնեցէք զանոնք: Անոնցմէ շատերը ծանօթ են ձեզի եւ պետութիւնը կը կառավարէք՝ անոնց հետ գործակցելով։ Եւ ահա վարագոյրը չէք վերցներ։ Կը շարունակէք պաշտպանել անոնք, որոնք ատրճանակին բլթակը քաշեցին։ Ձեր բեմադրած ներկայացումին երկրորդ վարագոյրը պիտի բացուի Դեկտեմբեր 3ին, բայց բոլորս ալ հոն պիտի ըլլանք եւ հոն պիտի պահանջենք, որ իրական ոճրագործները յայտնուին դատաւորին դիմաց»։
Անոնք նաեւ կոչ ըրին ժողովուրդին, որ ներկայ գտնուի Դեկտեմբեր 3ի նիստին։
Միւս կողմէ, այս ոճիրին նախապէս պատասխանատու նկատուած, ձերբակալուած, ապա ազատ արձակուած Էրհան Թունճելը, որուն համար ըսուած էր, թէ ապահովութեան տնօրէնութեան համար աշխատող գործակալ մը եղած է, դարձեալ դատարան կանչուեցաւ Դեկտեմբեր 1ին, այս անգամ՝ որպէս վկայ, ու վեց ժամ բացատրութիւն տուաւ դատախազ Մուամմեր Աքքաշին։ Դատախազութեան կողմէ հարցումներ ուղղուեցան բոլոր այն պաշտօնատարներուն ու պատասխանատուներուն մասին, որոնց անունները կը յիշուին այս դատավարութեան ընթացքին։
Մինչ այդ, Էօզկիւր Մումճու «Ռատիքալ»ի մէջ «Աճուրդի Հանուած Ոճիրը» խորագիրին տակ հրատարակած է յօդուած մը, ուր հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ Տինքի դատավարութիւնը միւս դատերու թղթածրարին չի միանար. ինչո՞ւ այլ պատասխանատուներ չեն ձերբակալուիր։
«Դատարան մը վճռած էր, որ այս խնդիրին ետին կազմակերպութիւն մը չկայ, ուրիշ դատարան մըն ալ չէր հաւատացած ու որոշումը բեկանած էր։ Ուստի, հիմա այդ կազմակերպութիւնը երեւան պիտի հանուի՞, թէ այս անգամ ալ պիտի ըսուի, որ ոճիրը գործուած է ասոնց կողմէ եւ ուրիշ պատասխանատու պիտի չփնտռուի։ Լաւատես ըլլալու համար պատճառներ չկան», կը գրէ ան։
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Տրապիզոնի մէջ ոստիկանական ուժերու հրամանատար Ալի Էօզի դէմ դատ մը բացուած է՝ պաշտօնին մէջ թերացած ըլլալու ամբաստանութեամբ, ու Տրապիզոնի դատարանը ուզած է, որ այս դատը միանայ Տինքի սպանութեան դատավարութեան, սակայն դատարանը մերժած է՝ «ծիծաղելի տրամաբանութեամբ մը»:
Մումճու կ՛եզրակացնէ ըսելով, թէ կան շատ փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ այս ոճիրը երկար ժամանակ աճուրդի դրուած է, այնուամենայնիւ՝ ո՛չ մէկը կրցած է արգելք ըլլալ այս ոճիրի գործադրութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.