ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիա ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ (Ֆրանսա, Ամերիկա) կը շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն դիրքորոշումներու մերձեցման՝ հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ, որոնք առաջարկուած են համանախագահող երկիրներու նախագահներուն կողմէ. Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Քիեւի մէջ կայացող ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Լաւրով աւելցուցած է, թէ Մոսկուա կարեւոր կը համարէ ԵԱՀԿի շրջանակներուն մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման համակարգ մը ստեղծելու նախաձեռնութիւնը:
Նիստին մասնակցելու նպատակով Քիեւ ժամանած են 33 արտաքին գործոց նախարարներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.