
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան վերջին քանի մը օրերուն մասնակցած է շարք մը միջոցառումներու, որոնց ներկայ գտնուած են նաեւ ամերիկացի պաշտօնատարներ:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի մամլոյ քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեան փոխանցեց, թէ Ղուլեանի հետ հանդիպած քոնկրեսականները իրենց ելոյթներուն ընթացքին բազմիցս վերահաստատած են, որ պատրաստակամ են շարունակել իրենց նպաստը Արցախի տնտեսական զարգացման եւ միջազգային ճանաչման, հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ որդեգրուած ժողովրդավարական ուղին:
«Արցախը այն փոքրաթիւ շր-ջաններէն է, որ կը շարունակէ ամերիկեան օժանդակութիւն ստանալ, հակառակ անոր, որ անկիա ներկայիս իբրեւ անկախ երկիր չէ ճանչցուած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ: Քոնկրեսականները նշեցին, որ կ՛ուզեն շարունակել այդ աշխատանքը, եւ նոյնիսկ յաւելեալ ճնշում բանեցնել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ գումարներ տրամադրել», ըսաւ Չուլճեան:
Յատկանշական է, որ Արցախի անկախութեան նուիրուած եւ ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ արդէն վեցերորդ տարին է, որ յատուկ տօնակատարութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ որուն եւս կը մասնակցի Ղուլեան:
«Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս շեշտուեցաւ, թէ Արցախի կառավարութիւնը միայն ժողովրդավարութեամբ եւ միայն բանակցութիւններով կ՛ուզէ այս հարցը լուծել: Քոնկրեսականներուն պատգամը այն էր, որ պիտի շարունակեն հետեւիլ Արցախի ժողովրդավարութեան հազօրացման եւ տնտեսական հզօրացման», աւելցուց Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը:

Ղուլեան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին առանձին հանդիպումներ ունեցած է Քոնկրեսի անդամներ Էտըմ Շիֆի եւ Աննա Էշուի հետ ու քննարկած Ամերիկայի եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման հեռանկարները:
Արցախի խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն, որ կը շարունակեն գործնականապէս արցախանպաստ աշխատանք տանիլ, ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուցած երկիրին եւ տարածաշրջանին վերջին զարգացումները: Զրուցակիցները կարեւորած են քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական կապերու աշխուժացումը:
Շիֆ նաեւ յոյս յայտնած է, որ շուտով կրնայ Արցախ այցելել, որպէսզի գնահատէ իրավիճակը եւ քննարկէ ամերիկեան օգնութեան ծրագիրները: «Հիանալի էր հանդիպումս ԼՂՀ խորհրդարանի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Քննարկեցինք Արցախի հարցերը եւ թէ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը կրնայ ապահովել Արցախի խաղաղութիւնն ու տնտեսական զարգացումը», ըսած է Շիֆ:
Այնուհետեւ Արցախի խորհրդարանի նախագահը այցելած է «Ամերիկայի Ձայն» լրատուական գործակալութիւն եւ հարցազրոյց տուած է նոյն կառոյցի հայկական ծառայութեան: