
ԱԹԷՆՔ.- Անցեալ Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի կէսօրէն ետք, Նէա Զմիռնիի մէջ «Իմվրիոն» միութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ցոյց մը՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով:
Ցուցարարները հաւաքուեցան «Իմվրիոն» միութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, ուր պիտի ժամանէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, Իմվրոս կղզիի մշակութային ժառանգութեան նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսի մը բացման ներկայ գտնուելու համար:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամներուն ընկերացան նաեւ Պոնտոսի Երիտասարդական միութեան նախագահն ու անդամները:
Ցուցարարները կանուխէն հաւաքուեցան կեդրոնի մուտքը, սակայն երբ փորձեցին պահանջատիրական պաստառ մը պարզել, ոստիկանութիւնը քանի մը մեթր ետ մղեց զանոնք: Այսուհանդերձ, ցուցարարները տեղւոյն վրայ մնացին՝ պահանջատիրական լօզունգներ բացագանչելով, մինչեւ Տաւութօղլուի ժամանումը:
Մէկ ժամ ուշացումով հասաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Իր ժամանումին ընթացքին ցուցարարներու բողոքը սաստկացաւ: Տաւութօղլու առաջնորդուեցաւ «Իմվրիոն» միութեան սրահը, ուր դիմաւորուեցաւ նոյն միութեան նախագահին եւ անդամներուն կողմէ: Ինք եւս ողջոյնի կարճ խօսք մը ուղղեց թրքերէնով: Խօսքերու ամբողջ տեւողութեան, դուրսէն կը լսուէին ցուցարարներուն ձայները, զորս բնաւ կարելի չեղաւ կասեցնել, հակառակ Թուրքիոյ նախարարին ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն դուռ-պատուհան փակելու ճիգին:
«Թուրքիա, ճանչցի՛ր Հայոց Ցեղասպանութիւնը», «Հայեր, Պոնտոսցիներ, Կիպրացիներ՝ միացեալ պայքար», «Հայութեան արդար իրաւունքը կը պահանջենք» լօզունգները

բարձրաձայն կ՛արձագանգէին սրահին մէջ՝ շարունակաբար խանգարելով ելոյթ ունեցող թուրք նախարարը:
Սրահին մէջ համախմբուած էին Աթէնքի, հիւսիսային Յունաստանի (Թրակիա եւ Թեսաղոնիկէ) Իմվրիոն միութեան անդամները, որոնք ողջունեցին թուրք նախարարի այցելութիւնը իրենց միութեան կեդրոնատեղին:
Միութեան նախագահ Փարիս Ասանաքիս իր խօսքին մէջ պահանջեց օրինական եւ վարչական փոփոխութիւններու կիրարկումը Իմվրոսի մէջ, ուր կան յունապատկան բռնագրաւուած կալուածներ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, իր պատասխան խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, որ Նէա Զմիռնի կը գտնուի, եւ խոստացաւ թրքական քաղաքացիութիւն շնորհել բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին զայն ստանալ: Իր խօսքը թրքերէնով էր եւ նոյնիսկ չթարգմանուեցաւ: Ան խուսափեցաւ որեւէ քաղաքական նշում կատարելէ եւ մնաց զգացական խօսքերու շրջագիծի մէջ:
Նշենք, որ թուրք նախարարին կ՛ուղեկցէին մեծ թիւով լրագրողներ, որոնք երիզագրեցին եւ նկարահանեցին հայ ցուցարարներու պահանջատիրական ցոյցը: Անոնց բաժնուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան թռուցիկը: