ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ազգային գրադարանի անցնող տարուայ ամենամեծ ձեռքբերումը թամանեանական մասնաշէնքի բացումն էր», հաստատած է Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան՝ ներկայացնելով գրադարանի նախորդ տարուան աշխատանքները: Ան նշած է, որ ներկայիս գրադարանը լիովին հասանելի է ընթերցողին, վերանորոգուած է եւ ապահովուած համացանցով:
«2014 թուականին ծրագրում ենք բացել գրատպութեան թանգարան, որտեղ կը ներկայացուեն բնօրինակ գրքերի նմանօրինակները», յայտնած է ան։ Զարգարեանի համաձայն՝ գրադարանի տարուան մեծ ձեռքբերումներէն էր նաեւ Նիւ Եորքէն գնուած 1755ի «Սաղմոսարան»ը: «Մեզ համար կարեւոր է նաեւ գրականութեան թուայնացումը: Մինչ այժմ թուայնացրել ենք շուրջ մէկ միլիոն գրականութիւն: Մինչեւ 1999 թուականի գրականութեան թուայնացման աշխատանքներն էլ կ՛աւարտենք 2020 թուականին», նշած է Ազգային գրադարանի տնօրէնը:
Անդրադառնալով գրադարանի դժուարութիւններուն, Զարգարեան լուսարձակի տակ առած է յատկապէս հաշմանդամներուն համար գրադարանի անհասանելիութիւնը: «Հարկաւոր է կարգաւորել բակը, յարմարացնել մասնաշէնքը խնդիրներ ունեցող մարդկանց համար, դրանց համար գումարներ են պահանջւում», դիտել տուած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.