12 եւ 13 Դեկտեմբերին, տարիներու դադարէ ետք Թեհրանի ՀՄԱԿի Արուեստից միութեան նախաձեռնութեամբ Կեդրոնատեղիի «Կոմիտաս» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ հայ էստրադային երգերու երեկոն:
Ծրագրի հեղինակն էր միութենական Արմէն Ասատրեանը, ուրուն ջանքերուն շնորհիւ՝ շուրջ չորս ամսուան ընթացքին կազմուեցաւ էստրադային նուագախումբ՝ իրանահայ լաւագոյն երաժիշտներէն, որոնք իրենց օրինական եւ կարգապահ փորձերու բերումով կարողացան բեմ հանել հայ էստրադային գեղեցիկ երգերու շարան: Երգացանկը գլխաւորաբար կազմուած էր իրանահայ բանաստեղծներու եւ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն:
Նշենք, որ ծրագիրի հաղորդավարն էր Վահագն Ազիզեանը, որ ծրագիրի ընթացքին ներկայացուց երգերու հեղինակներն ու երգչները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.