
ԹԱՒՐԻԶ.- Ատրպատականի Հայոց թեմէն ներս մեկնարկած Ամանորեայ ձեռնարկներու շարանին մէջ, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ՀՄԱԿի Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ «Արարատ»ի Թաւրիզի վարչութեան կազմակերպութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Նոր Տարուան տօնավաճառին:
Տօնավաճառի բացման ներկայ գտնուեցաւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներու: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Արարատականներ եւ հրաւիրեալներ:
Այնտեղ կը վաճառուէին ամէն տեսակի զարդեղէններ, խմորեղէններ եւ առօրեայ կեանքը հնարամիտ դիւրութեամբ ապրելու պիտոյքներ՝ խոհանոցային գոյքերէ սկսեալ մինչեւ այլ նորարարութիւններ:
Տօնավաճառի բոլոր սեղանները շրջելէ ետք, թեմակալ առաջնորդը իր քաջալերանքի խօսքը ուղղեց վարչութեան եւ ներկայ բոլոր անդամներուն, նախ շնորհաւորելով ամանորեան օրերը, ապա նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով «Արարատ»ի վարչութեան, տարբեր յանձնախումբերուն եւ բոլոր անդամներուն՝ ըսաւ. «Աւանդութիւնները՝ ըլլան անոնք ամանորեան թէ ազգային այլ օրերու առնչուող, մեր ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքն են: Կարեւորը անոնց արժէքը բարձր պահելն է մեր ժողովուրդի զաւակներու հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Դուք այդ առաքեալներն էք, որոնք հոսանքն ի վեր թիավարելով կը պահպանեն այն՝ ինչ որ ազգային մշակոյթին մաս կը կազմէ ու միշտ կը վերանորոգէ մեր հաւաքական կեանքի միապաղաղ առօրեան»:
Թաւրիզահայ համայնքի անդամները մինչեւ ուշ երեկոյ մնացին «Արարատ»ի մէջ, թէ՛ տօնավաճառին մասնակցելով, թէ՛ սլաքախաղի սեղանին շուրջ Նոր Տարուան իրենց բախտը փորձելով եւ թէ վայելելով ամանորեան հիւրասիրութիւնը:
Brilliant!