Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ունկնդրութեան երեկոյ՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին:
Երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունեցան երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները, Լիւսի Չամսարեան, Արեւիկ Գրիգորեան եւ խումբ մը աշակերտներ:
Երաժշտական այս ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն ամիս: Հինգշաբթի օրուան ունկնդրութեան երեկոն այս տարուան առաջինն էր: Ունկնդրութեան այս երեկոները կը միտին մասնաւորաբար աշակերտներու ձիրքերու եւ գիտելիքներու զարգացման:
Յայտագիրը բաղկացած էր երկու մասերէ: Առաջին մասին մէջ Սեւակ Զարմենեան կատարեց «Ճինկըլ Պելզ»ը, Նաթաշա Թօփաքեան՝ «Անոյշ» օփերայէն հատուած մը, Վանա Մարգարեան՝ «Քոչարի»ն, Կասիա Լեւոնեան եւ Արի Տագէսեան՝ «Ճոյ Թու Տը Ուըրլտ», Կայէլ Գրիգորեան՝ «Եաման Եար», Կարօ Գրիգորեան՝ Պապաճանեանի «Էլեկիա»ն, Կրէս Մարտիրոսեան՝ «Մալակենա»ն, Սէրուժ Յովսէփեան՝ Շոփենի «Վալս Սիս Մոլ»ը, Նարեկ Նաճարեան եւ Սարգիս Հալաճեան՝ Շնիտկէի «Փասթորալ»ը, Հենրի Իշխանեան՝ Յայտընի սոնաթներէն մէկը, Նարօտ Խտըրլարեան եւ Անի Գասպարեան՝ Շուպըրթի սոնաթներէն մէկը եւ Անդրանիկ Գասպարեան՝ Շոփենի «Վալս»ը:
Երկրորդ մասին մէջ Արեւիկ Գրիգորեան կատարեց Վերտիի «Պոլերօ»ն, Հրակ Տեմիրճեան եւ Նարօտ Սուրճեան Վիվալտիի «Ատաճիօ»ն, Մարինէ Հալլաճեան, Լիւսի Չամսարեան եւ Ժան Փոլ Քաթըրճեան՝ Օրելլիի «Քոնչերթօ Կրոսսօ» No 8 տի Նաթալ»ը, իսկ Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեան եղբայրները՝ Վաժա Ազարաշվիլիի «Սենթիմենթալ Թանկօ»ն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.