
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունուար 23ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Ռոզմերի Յարութիւնեան-Քոհընի նորագոյն հատորին՝ «The Survivor»ին (Վերապրողը»), ներկայացումը: Հատորը պատմութիւնն է 1917-1918 տարիներուն Իրանի Խոյ քաղաքին մէջ օսմանցի թուրքերու ձեռքով կատարուած հայերու սպանդէն վերապրած Արուսեակին: Ներկայացումը պիտի կայանայ անգլերէնով:
Դոկտ. Ռոզմերի Յարութիւնեան-Քոհըն շարք մը մրցանակներ շահած հեղինակ, լրագրող եւ արուեստագէտ մըն է, որ ներկայիս կ՛աշխատի այս հատորին երկրորդ բաժինին վրայ՝ հիմնուելով Խոյի սպանդի վկայութիւններուն վրայ:
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 E. Harvard Street, Glendale, CA 91025: Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: