Ամանորեայ եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով կատարած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ ՀՕՄի Արցախի միաւորը Մարտակերտի շրջանի 7 բազմազաւակ ընտանիքներու նուէրներ տրամադրած է՝ սննդամթերք, հագուստ եւ տնտեսական առարկաներ:
ՀՕՄի Արցախի միաւորի վարչութեան ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան յայտնած է, որ ասիկա աւանդական դարձած նախաձեռնութիւն է, որուն մէջ այս տարի ներգրաւուեցան նաեւ այլ շրջաններ։
«Ընտրեցինք Մարտակերտի շրջանը, քանի որ այն պատերազմից առաւել տուժած է, եւ այստեղ բազմազաւակ ընտանիքների թիւը մեծ է: Ընտրուած 7 ընտանիքներն առաւելագոյն՝ 8-10 երեխայ ունեցողներն են», բացատրած է Ա. Յարութիւնեան:
Անոր համաձայն, նման ծրագիրներ միայն Ամանորին չեն գործադրուիր. նմանօրինակ ծրագիրներ կան ամբողջ տարուան ընթացքին, սակայն հիմնականին մէջ անոնք առնչուած են ՀՕՄի նիւթական կարելիութիւններուն։
Յառաջիկային՝ հայրենիքի պաշտպանի օրուան ընդառաջ, կ՛ակնկալուի այցելութիւն սահմանամերձ զօրամասեր: «Նախապէս համեղ տնական ճաշեր, քաղցրաւենիքներ ենք պատրաստում զինուորների համար, եւ այնպէս ենք անում, որ այդ ամէնը բաժին ընկնի ե՛ւ սահմանում կանգնած ե՛ւ զօրամասում, ե՛ւ հիւանդանոցում գտնուող զինուորներին», նշած է Յարութիւնեան:
Դեկտեմբեր 25ին պարսկահայ բարերարներու եւ ՀՕՄի փոխհամագործակցութեամբ Շուշիի բազմազաւակ եւ հաշմանդամներու ընտանիքներու երեխաները նուէրներ ստացած են:
Այդ մանուկներուն օրը յիշատակելի դարձնելու միտումով ՀՕՄը կազմակերպած էր ամանորեայ փոքրիկ հանդիսութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Շուշիի «Մ. Խանդաւիրեան»ի անուան թատրոնը եւ մշակոյթի ու երիտասարդութեան պալատի երաժիշտ Գայիանէ Պօղոսեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.