
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿի, ՀՅԴի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ միջկուսակցական ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ (Ուրբաթ, 10 Յունուար) կէսօրէն ետք ժամը 5ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան լիբանանահայ համայնքին վերաբերող քաղաքական եւ գաղութային հարցերուն վրայ, որմէ ետք յատուկ օրակարգով քննարկումի առարկայ դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին ոգեկոչական եւ քաղաքական բնոյթի աշխատանքները նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը:
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ