
Լոս Անճելըի Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ, Հրանդ Տինքի սպանութեան 7րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան եւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, Կիրակի, Յունուար 19ին, կ.ե. ժամը 2ին:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5ին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ վաւերագրական «Opening The Doors» ֆիլմին ցուցադրութիւնը, իսկ ժամը 6ին, տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքի անուան «Ազատութեան ժառանգ» շքանշանի տուուչութեան արարողութիւնը: