Իմ Երազը
Թոյլ եւ յոգնած վիճակով գնացի մատղաշ ծառի մը տակ նստայ: Այնքա՛ն յոգնած էի, որ տեղէս չէի կրնար ելլել: Աչքերս փակուեցան: Շատ երկար ճամբայ մը կար դիմացս, քայլեցի ու քայլեցի: Շուարած՝ չէի իմանում ո՛ւր էի գնում: Յանկարծ նուրբ դէմքով, բարձրահասակ երիտասարդ մը երեւցաւ… Շատ ծանօթ էր անոր դէմքը: Երբ մօտեցաւ ինծի, նկատեցի, թէ շուարած վիճակ մը ունէր. խոկումներով լցուած էր անոր դէմքը: Իր ձեռում կար Երկաթագիր պատմութեան գիրք մը: Տխուր էր ան. հարցրեցի, թէ ի՞նչ պատահած էր: Ան ցած ձայնով ըսաւ. «Շատ յոգնած եմ այսօր, բայց եւ շատ ուրախ. այս իմ ձեռքերիս մէջ բռնած եմ մեր նախահայրերի գրութիւնները, որ կորսուել էին պատերազմին»:
Անոր փխրուն սիրտը չդիմացաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ լալ: Ես ալ չդիմացայ. մօտեցայ անոր եւ բռնեցի ձեռքերը իմ ձեռքերուս մէջ՝ ըսելով. «Փա՛ռք տանք, որ մենք կանք ու միշտ իրենց անմահ անունը պիտի պահենք մեր սրտերում»:
Երբ դարձայ, որ իր դէմքին նայեմ, տեսայ, թէ ես էի «ան»՝ երիտասարդ վիճակում, ու աչքերս բացեցի… երազում էի:
Թամար Նալպանտեան, 8րդ Կարգ
Պիտի Իյնաք…
Թուրքե՛ր… Այս իմ խօսքս թող ձեզի սովորեցնէ, որ դուք մեզ չէք վիրաւորել:
Այո՛, մեզ անապատի մէջ քայլել էք տուել, ծարաւ էք թողել, սպաննել էք տուել: Բայց ո՛չ, մեզ չէք վիրաւորել, որովհետեւ մենք փխրուն եւ տկար չենք… Մենք դարաւոր ծառի նման պիտի կանգնենք անկոտրում ու քաջ: Մեր անմահ նախահայրերը իրենց շունչով պիտի գան կեանք տալու մեզ ու ձեզ՝ մահ… Մինչեւ որ դուք գետնին վրայ, մեր ոտքերուն տակ տառապիք՝ յանձնուելով ձեր արդար ոճիրին ու մեր արդար դատին: Մենք, մեր սերունդներով, մեր կամքը ձեզ տանջելու համար պիտի առաջ տանենք: Մեր ազգին վայել իմաստուն խոկումներով ու փառքով, մեր հաւատացած Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի հասնինք մեր մուրազին… Մեր պապերու ժառանգած մեր սրբազան հողերուն…
Մանուշակ Աղազարեան, 8րդ Կարգ
Աշակերտներ
Սիրելի՛ «Փիլիպոս»ի աշակերտներ, յոյսս կը դնեմ ձեր վրայ: Եկէ՛ք միասնաբար ցոյց տանք արար աշխարհին, թէ ո՛վ ենք մենք, ու եկէք բարձր պահենք մեր նահատակներու յիշատակը, որովհետեւ մենք քաջ հայորդիներ ենք, որ յառաջ կ՛երթանք փրկելու մեր պապերուն հողերը: Եկէ՛ք միանանք, կամքով ու հաւատքով զօրանանք եւ երբե՛ք չմոռնանք զոհերը՝ մեր միլիոն ու կէս անմեղ հայերը:
Ա՛յս է մեր Դատը եւ ա՛յս է մեր սրտի կանչը:
Անի Կէմիճեան, 8րդ Կարգ