
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեքշաբթի երեկոյեան, ՀԲԸՄի տեղւոյն Շրջանային յանձնաժողովին կողմէ կազմակերպուած հանրային ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանէն արտագաղթի մասին:
Ձեռնարկը մէկն է Սփիւռքի կարեւոր այլ կեդրոններու մէջ տեղի ունենալիք դասախօսական շարքի մը, որուն նպատակն է հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել Թորոնթոյի Գոլոլեան հիմնադրամին կողմէ հովանաւորուած՝ արտագաղթի տարողութիւնն ու դրդապատճառները պարզող ուսումնասիրութիւնը՝ զայն ներկայացնելով հանրային քննարկման:
Որեւէ նիւթի շուրջ հանրային քննարկում կատարելը բաւական դժուար կառավարելի ձեռնարկ է: Ազգային աղէտ նկատուող արտագաղթի հարցով հրապարակային քննարկումէն լուրջ ակնկալիք ունենալն ալ ճիշդ չ՛ըլլար: Յամենայնդէպս, հարցը հրապարակայնօրէն արծարծելու, տարբեր համայնքներու մէջ հանդիպումներ ու լսարաններ կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը վստահաբար կը նպաստէ բարձրացնելու սփիւռքահայութեան զգայնութիւնը այս աղէտին վերաբերեալ, եւ մղելու մեզ՝ բոլորս, հակազդելու միջոցներու փնտռտուքին:
Ուսումնասիրողներուն կարեւոր ներդրումը, անշուշտ, արտագաղթի տուն տուող պատճառներու յստակ բանաձեւումներն էին, եւ որքա՛ն ալ զեկուցողները փորձեցին քաղաքական երանգ չտալ իրենց ներկայացման, յստակ էր, որ անոնք պետական կառոյցներու փտածութիւնը, երկրին մէջ տիրող անարդարութիւնը մեղաւոր կը գտնէին, ինչպէս նաեւ՝ մեղքի բաժին մը կը վերապահէին թոյլ ընդդիմութեան:
Կառուցողական ընդդիմութեամբ հարցերը լուծենք, սփիւռքեան ներդրումներուն խթան հանդիսանանք՝ պաշտպանութեան գործիքներ յառաջացնելով այդ ներդրումներուն յաջողութիւնը ապահովելու համար. ասոնք էին զեկուցողներուն հիմնական յանձնարարականները: Նաեւ՝ անշուշտ՝ կոչը, որ Սփիւռքը բա՛ն մը ընէ:
Հայաստանէն ներս արտագաղթի դէմ պայքարը նաեւ պայքար է իշխանափոխութեան: Ուրիշ կերպ կարելի չէ լուծել մատնանշուած խնդիրները՝ համատարած անարդարութիւն հանդուրժող ու խրախուսող իշխանութեան պայմաններուն տակ: Իսկ Սփիւռքի՞ն դերը: Մեր կարծիքով՝ Սփիւռքը հաւաքականօրէն իր լծակները չէ օգտագործած Հայաստանի իշխանաւորներուն վրայ ազդելու ուղղութեամբ: Ունի՞ նման հնարաւորութիւն Սփիւռքը: Այսօրուան իր պատկերով՝ ո՛չ: Սակայն, անկարելի չի կրնար ըլլալ սփիւռքեան կարեւոր կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու միաւորումը՝ Հայաստանի իշխանաւորներուն վրայ ճնշում բանեցնելու եւ զանոնք մղելու, որ վճռական բարեփոխումներով առողջացնեն պետական կառոյցները, արմատախիլ ընեն փտածութիւնը:
Վաղը՝ գործնական առաջարկներ: