ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսիս պապը յառաջիկայ Մայիս 24-26ին ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ դէպի Երուսաղէմ, ուր խմբային հանդիպում մը պիտի ունենայ քաղաքի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Կը նախատեսուի, որ ան այցելէ նաեւ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարը։ Վատիկանի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ թէպէտ պապը փափաք ունի անջատ հանդիպումներ ունենալու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, այցելութեան կարճ ժամկէտին պատճառով, սակայն, նման հանդիպումներ օրակարգէն դուրս հանուած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.