
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Հայաստանի շարք մը զբօսաշրջու-թեան ընկերութիւններ կեցուածք ճշդած են ընդդէմ Թուրքիոյ՝ խզելով այդ պետութեան հետ բոլոր համաձայնութիւնները: Անոնք իրենց այս որոշումը հիմնաւորած են այն հանգամանքով, թէ պիտի չնպաստեն այդ երկրի տնտեսութեան զարգացման, որուն շնորհիւ կը պատրաստուին փամփուշտներ, որոնք կ՛օգտագործուին հայերուն դէմ: Ընկերութիւններուն առած այս քայլին դրդապատճառները Քեսապի իրադարձութիւններն են։
Քեսապի վրայ թրքական զինուորներուն յարձակումներէն ետք նոր զարգացումներ սկսած են արձանագրուելու Հայաստանի մէջ: Հայկական շարք մը զբօսաշրջութեան գործակալութիւններ 2 Ապրիլին միախմբուած են ու յայտարարած, թէ այլեւս Թուրքիա պիտի չուղարկեն հայ զբօսաշրջիկներ եւ այդ եկամուտէն կը հրաժարին սկզբունքօրէն: Քանի որ նախաձեռնութիւնը տակաւին նոր է, ցարդ անոր միացած են մօտաւորապէս 12 ընկերութիւններ: Իսկ ընդհանուր առմամբ այսօր Հայաստանի մէջ կը գործէ մօտաւորապէս 120 զբօսաշրջութեան կազմակերպութիւն: Նախաձեռնութեան հեղինակները յոյսով են, որ իրենց գաղափարին կը միանան նաեւ միւսները: Տուեալ ընկերութիւնները լաւապէս կը գիտակցին, որ իրենք եկամուտի նուազում պիտի ունենան, սակայն չեն ուզեր յստակ թիւերուն մասին խօսիլ։
Զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ Գրետա Գուրգէնեան եւ Անի Մանեսեան դիտել տուած են, որ կորսուած գումարը պիտի վերականգնեն օտար զբօսաշրջիկներու թիւի յաւելումով: Այս տարի կ՛ակնկալուի զբօսաշրջիկներու թիւի աճ: Արդէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն՝ կարելի է ըսել, թէ ո՛ր երկիրներէն պիտի ըլլան Հայաստան այցելողները: Ինչ կը վերաբերի հայ զբօսաշրջիկներուն, ապա Թուրքիոյ փոխարէն ընկերութիւնները անոնց պիտի առաջարկեն այլընտրանք՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ արտերկրի, ի հարկէ, այն գումարի սահմաններուն մէջ, որ կը ծախսուի Թուրքիոյ մէջ արձակուրդ անցընելու համար:
Ընդդէմ Թուրքիոյ բողոք կազմակերպած գործակալութիւնները բոլոր պարագաներուն ալ առաջարկներ պիտի ունենան նաեւ արեւ ու ծով նախընտրողներուն: Զբօսաշրջութեամբ զբաղողները դիտել տուած են, որ այս տարի Թուրքիան կարելի է փոխարինել Պուլկարիայով կամ Խրիմով։
Լաւ որոշում է, բայց վաղուց առաջ նման քայլ պէտք է վերցւէր, ամէն դէպքում ԼԱՒ Է ՈՒՇ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ