
ԿԼԵՆՏԷՅԼ. Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրեց Նուարդ Մուրատեանը՝ ՀՕՄի Ջաւախք Հիմնադրամի Յանձնախումբէն ներս իր երկարամեայ ծառայութեան համար, Մարտ 22, 2014ին, Իրանահայ Միութեան Կլենտէյլի սրահէն ներս, շուրջ 200 մասնակցողներու ներկայութեամբ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄի Ջաւախք Հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետուհի Հայկոյշ Քոհլըր:
Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան օրհնեց սեղանները եւ փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի յաջողութեան բարեմաղթութիւններն ու աղօթքները, յաւելեալ կորով մաղթեց ՀՕՄուհիներուն, որպէսզի կարենան Աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր իրենց առաքելութիւնը նոր բարձունքներու հասցնել:
Անցեալ տարուան ամրան, ՀՕՄի Ջաւախք Հիմնադրամը 50 ճամբարի մասնակիցներու համար գումար տրամադրած էր: Այս երիտասարդները մասնակցեցան 11օրեայ ցերեկային ճամբարի ծրագիրին, որ կը գործադրուի Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ, ՀՕՄի Արեւելէան ԱՄՆի շրջանին նախաձեռնութեամբ եւ գործադրութեամբ՝ ՀԵԴական կամաւորներու: ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը նորոգած եւ կահաւորած է Ջաւախքի երկու երիտասարդական կեդրոնները, միեւնոյն ատեն ստանձնելով անոնց տարեկան ծախսերու հոգածութիւնը:
Ճամբարի վարիչներէն Փաթիլ Ասլանեանն ու Վերժինի Թուլումեանը միասնաբար զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն մասին, բացատրելով իրենց դժուարութիւններն ու յաջողութիւնները, ներկայացնելով ճամբարի առօրեան եւ պատմելով իրենց փորձառութիւններէն յատուկ դրուագներ: Անոնք շեշտեցին, որ æաւախքի երիտասարդական կեդրոնները, մեր շրջանի կեդրոններուն նման արդիական սարքաւորումներ չունին, բայց ճամբարի մասնակիցներուն համար անոնք տաքուկ ու սիրելի անկիւններ են:
Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը, որ Քեսապի վրայ անակնկալ յարձակումին ու անոր ժողովուրդին տեղահանուած ըլլալուն պատճառով իր ու ՀՕՄական ընտանիքին հոգեկան ծանր վիճակը արտայայտեց: Պոզոյեան, որ նոյն առաւօտուն ներկայ եղած էր «Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանի Ցեղասպանութեան խոր-հրդաժողովին, անդրադարձաւ քեսապցիներու տեղահանութեան ու անցեալի իրադարձութեանց ակնյայտ զուգահեռներուն: Ան յայտնեց, թէ յառաջիկայ օրերուն պիտի ծրագրուին ու գործադրուին Քեսապի հայրենակիցներուն օգնութիւն հասցնելու ձեռնարկներ:
Ջաւախքի նկատմամբ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին լաւատեսութիւնը յայտնեց շրջանի զարգացման կարելութեանց հանդէպ: Ան ծանուցեց, որ զբօսաշրջութեան ընկերութիւն մը հիմնուած է, որ պիտի դիւրացնէ շրջապտոյտները դէպի Ջաւախքի բոլոր շրջանները:
Պօզոյեան նաեւ զեկուցեց անցեալ Փետրուարին Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Կարիպաշվիլիի Ուաշինկթըն այցելութեան մասին: Վարչապետը խոստացած էր նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել Ջաւախքի զարգացման: Պօզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի Ջաւախք Հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՕՄի անձնակազմին, որոնք ճիգ չխնայեցին ձեռնարկը յաջողեցնելու: Նոնյ յանձնախումբը վերջին 13 տարիներուն ժրաջան աշխատանք տարած էր յանուն Ջաւախքի ծրագիրներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք Ջաւախքի համար ծրագիրներ կը մշակեն ու կը գործադրեն, Հայ Դատի յանձնախումբին, որ Ջաւախքի շահերը կը պաշտպանէ քաղաքական շրջանակներէ ներս, ինչպէս նաեւ հովանաւորներուն ու ներկաներուն որոնք կը շարունակեն Ջաւախքին սատար հանդիսանալ:
Նուիրատուներու առատաձեռնութան շնորհիւ՝ ձեռնարկին ընթացքին 30,000 տոլար հանգանակուեցաւ Ջաւախքահայութեան նպաստող ծրագիրներուն համար: