
Քանատայի տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու առաջին նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ Քեպեքի Հայ ե-րիտասարդական միացեալ յանձնախումբի քայլարշաւը, որ-ուն մասնակցեցան 200է աւելի երիտասարդներ եւ ազգայիններ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ ՔԵՄի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերուն կողմէ:
Ապրիլ 12ին Քայլարշաւը սկիզբ առաւ Մոնթրէալի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած իւշարձանի տարածքէն եւ 3 ժամուան ճանապարհ կտրելով հասաւ Լաւալ քաղաքի նորակառոյց Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան:
Յուշարձանին մօտ կայացած հսկումի արարողութեան ներկայ էին Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆրանսուա Փիլոն, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի փոխնախագահ Յարութ Շիթիլեան, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արեֆ Սալեմ եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռայնալտ Ատամզ, որոնք դատապարտեցին թրքական պետութեան ուրացումի քաղաքականութիւնը:
Խօսք առին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի Քանատայի միացեալ մարմնի անդամ Շահէ Թանաշեան, վերապատուելի Մհեր Խաչիկեան եւ ՀՅԴ ՔԵՄի անդամ Նաթալի Սէթեան: