Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգային Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 12 Ապրիլի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ գաղութին նուիրուած ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին զեկուցաբերներն էին Տիգրան Ալթուն, Սարգիս Կիւլեկեչ եւ Զաքարիա Միլտանօղլու:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան: Ան ըսաւ թէ այս ձեռնարկը կազմակերպելու նպատակը եղած է Լիբանանի հայութեան մօտէն ծանօթացնել պոլսահայ գաղութի իրավիճակը: Ապա ան ներկայացուց զեկուցաբերները:
Լուսանկարներու ընկերակցութեամբ Զաքարիա Միլտանօղլու ներկայացուց Կեսարիոյ եւ Մուշի աւերակ վիճակի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները, շուկաները, թաղամասերը, դպրոցները, վանքերը եւ տուները: Ան նաեւ ներկայացուց Պոլսոյ մէջ ներկայիս գտնուող հայկական կառոյցները, եկեղեցիները հիւանդանոցները, ակումբները եւ գործող միութիւններն ու թերթերը:
Յաջորդ զեկուցաբերը եղաւ Տիգրան Ալթուն, որ ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ հայկական գաղութին ներկայ իրավիճակը: Ան ներկայացուց հայկական միութիւնները, դպրոցները եւ մշակութային կեդրոնները՝ կեդրոնանալով անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ:
Ձեռնարկին աւարտին ներկաները առիթը ունեցան նիւթին առնչութեամբ տարբեր հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.