Շաբաթ, Ապրիլ 12ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակին նուիրուած «Յուշարձան Եղեռնի նահատակներին» խորագիրով ցուցահանդէսին, զոր կազմակերպուած է Վրաստանի Հայ նկարիչներու միութիւնը Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի աջակցութեամբ: Ցուցահանդէսին ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Ռուսլան Պօղոսեան եւ Թիֆլիսի արուեստասէրները:
Ցուցահանդէսին իրենց գործերը կը ներկայացնեն Թիֆլիսէն եւ Սամցխէ-æաւախքէն նկարիչներ: Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժինի տնօրէն, «Հայարտուն» կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիդիլեան:
Վրաստանի Հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան արժեւորեց վրացի նկարիչներու մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին եւ օժանդակութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ցուցահանդէսին մասնակցող 25 նկարիչները աւելի քան 60 կտաւներու միջոցով իրենց ցասումը կ՛արտայայտեն աշխարհի անտարբերութեան դէմ, պահանջելով արդարութիւն եւ հատուցում:
Վրաստանի Հայ մտաւորականներու միութեան նախագահ Ենոք Թադեւոսեան ներկաներուն յիշեցուց քանի մը օր առաջ Քեսապի հայութեան աջակցութեան համար ՄԱԿի ներկայացուցչութեան եւ Թուրքիոյ դեսպանութեան առջեւ թիֆլիսահայութեան անցկացրած բողոքի գործողութիւնները:
Աւարտին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլոր մասնակիցներուն, բարձր գնահատեց սոյն ձեռնարկը եւ վրացի նկարիչներուն մասնակցութիւնը:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլի 30:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.