ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ըստ քաղաքական կաղապարներու՝ կը սպասուէր, որ Թուրքիոյ շրջանային ընտրութիւններուն ընթացքին ակնկալուածէն աւելի մեծ համեմատութեամբ տարած իր յաղթանակէն ետք, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մեղմացնէր իր ոճը՝ ընդդմութեան, Կիւլենի համայնքին եւ մասնաւորաբար իր կողմէ «զուգահեռ պետութիւն» կոչուած կազմակերպութեան նկատմամբ։ Բայց Էրտողան ընտրութեան օրն իսկ յայտնի դարձուց, որ նոյն խստութեամբ պիտի շարունակէ պայքարիլ այդ «զուգահեռ»ներուն դէմ։
Այդ կառոյցին մէջ կարեւոր իրենց տեղը ունեցան ընդդիմադիր դատաւորներ, դատախազներ եւ իրաւագէտներ, ուստի Էրտողան Իրաւագէտներու միութեան վկայագիրներու բաշխման հանդէսը լաւ առիթ նկատեց, որպէսզի անգամ մը եւս դրօշակ պարզէ ընդդիմադիրներուն դէմ, մանաւանդ անոնց դէմ, որոնք պատրաստեցին Դեկտեմբեր 17ին սկսած արշաւը կառավարութեան դէմ։
Վարչապետ Էրտողան ըսաւ, որ Դեկտեմբեր 17ն պետական հարուածի փորձ մըն էր։ «Թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին աշխարհը պէտք է ընդունի այլեւս, որ ասիկա փառաւորապէս պետական հարուած մըն էր», ըսաւ Էրտողան։
Էրտողան մեղադրեց այն կրօնական կամ իրաւական մարզի գործիչները, որոնք Փենսիլվանիայէն, այսինքն՝ Ֆեթհուլլահ Կիւլենէն եկող հրահանգներով կը շարժին, եւ պահաջեց, որ Թուրքիոյ իրաւական համակարգի առաջնորդները վերջ տան իրաւական այս զեղծումներուն եւ քաջութեամբ ծունկի բերեն զուգահեռ կառոյցներու կազմակերպիչները։
Վարչապետը աւելցուց. «Ապօրինիներու այս զուգահեռ հրոսախումբը Թուրքիոյ մէջ վերջինն է. եթէ անիկա ալ մէջտեղէն վերցուի, այն ատեն կառավարութիւնը ամբողջովին վերցուցած պիտի ըլլայ այն շղթաները, որոնք զարնուեցան Թուրքիոյ ոտքերուն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.