ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան ու շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է Ցեղասպանութեան կանխարգիլման նուիրուած գիտաժողով մը, որուն բանախօսները եղած են թուրք մտաւորականներ Հալիլ Պերքթայ («Սապանճը» համալսարան), Ֆիլիզ Չելիք (Լոնտոնի համալսարան) եւ լրագրող Հայկօ Պաղտատ: Գիտաժողովին մասնակցած են ՄԱԿի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ ու մեծ թիւով օտարերկրեայ հիւրեր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն՝ բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են ներկայիս թրքական հասարակութեան մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հետ կապուած քննարկումներուն եւ ընդգծած են այդ առնչութեամբ Թուրքիոյ հասարակութիւնը իրազեկ պահելու կարեւորութիւնը: Բանախօսները նաեւ անդրադարձած են Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերուն, ներառեալ՝ հայերու գոյքի ու հարստութեան եւ ժառանգորդներու փոխհատուցման հետ կապուած հարցերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.