
Մեկնելով ՀՅԴ «Դրօ» Առանձնակի կոմիտէի Չորեքշաբթի, 26 Մարտի հաղորդագրութեան նշանաբանէն՝ «Աւստրալահայ գաղութը այստեղ է՝ Սուրիահայութեան կողքին», անցեալ շաբաթավերջին աւստրալահայ գաղութը կազմակերպած էր կարգ մը ձեռնարկներ, որոնց հասոյթը յատկացուցեցաւ քեսապահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն:
Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի վարչութեան, Համազգայինի, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի շրջանային վարչութիւններուն, Կիրակի, 6 Ապրիլին Սիտնիի Հայ մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ էին աւելի քան 150 հայորդիներ:
Ճաշկերոյթին բեմավարուհի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան անդամ Նարինէ Ագիլեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալական խօսք ուղեց անոնց, ապա հրաւիրեց Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմինի ընդհանուր պատասխանատու Նշան Պասմաճեանը՝ փոխանցելու օրուան պատգամը: Պասմաճեան իր խօսքին մէջ ներկաներուն բացատրեց քեսապահայութեան ներկայ իրավիճակը եւ ամփոփ ձեւով խօսեցաւ Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմինի ծրագիրներուն մասին:
Նուիրատուութիւններուն կողքին ճաշկերոյթին ընթացքին ծախուեցան Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան պատրասած #SaveKessab ապարանջանները:
Ճաշկերոյթի ամբողջ հասոյթը՝ 10,000 աւստրալիական տոլար, պիտի յատկացուի Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմինին:
Նոյն օրը, Մելպուրնի մէջ գործող միութիւններու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ այլ ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը՝ 18,000 աւստրալիական տոլար, եւս պիտի յատկացուի Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմինին:
Իր ունեցած բարոյական աջակցութեան կողքին Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը նաեւ ունեցաւ իր նիւթական ներդրումը Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմինին՝ յատկացնելով 12,000 աւստրալական տոլար:
Ջերմօրէն կը շնորհավորեմ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Երիտասադական Միութեան բոլոր անդամներուն, որոնք այս հետեւողական անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին մեծ արձագանքներով ու գօտեպնդուած միջոցառումներով Սիտնիի և Մելպուրնի հայահոծ գաղութները մէկ նշանաբանով ու լոզունգով “# SAVE KESSAB” Աւստրալիոյ Հայ ժողովուրդը ոտքի հանեց իրենց բռունցքները բարձրացնելու «ՊԱՅՔԱՐ ՄԻՆՋԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ»: Այս Երիտասարդութիւնը և միասնաբար Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.,Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւններն ու մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու անդամները, ու նաև Համազգայինի Արշակ և Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու աշակերտութիւնը միասնաբար մասնակից դարձան իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը բերին մեր նորահաս ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան զօրակոչներուն: Անկասկած մեր Սփիւռքի հայ գաղթօճախները այս սրտաճմլիկ պահուն իրենց ձեռքերը երկարելով ՔԷՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ մխիթարութիւն, յոյս և հաւատք կը ներշնչեն բոլոր Սուրիահայութեան և յատկապէս՛ Քէսապահայութեան:
Շատ հպարտ եմ Հայ ըլլալուս, և շատ հպարտ եմ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան կատարած աշխատանքներուն յաջողութիւնները:
Նորանոր յաջողութիւններ ձեր յառաջիկայ մօտ օրերու ծրագիրներուն:
Վարձքերնիդ կատար:
Կեցցէ Աւստրալիոյ Հայ գաղութը: