ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Աճելըս Թայմզ» հաղորդած է, թէ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ դաշնակցային ատեանը յանցաւոր նկատած է «Armenian Power» հրոսակախումբի երեք անդամներ, որոնք բազմաթիւ զեղծարարութեանց դիմած էին:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ ատեանը մեղաւոր նկատած է յանցախումբի երկու ղեկավար անդամները՝ «Քափոն» ծածկանունով յայտնի Մհեր Դարբինեանն (38 տարեկան) ու Արման «Ձի» Շարոպետրոսեանը (35 տարեկան), ինչպէս նաեւ՝ Ռաֆայէլ Փարսադանեանը (29 տարեկան):
Անոնց զեղծարարութեանց զոհերը եղած են հազարաւոր քաղաքացիներ, ներառեալ՝ հայեր, ինչպէս նաեւ «99 Սենթ» խանութներ: Անոնք առնուազն երկու միլիոն տոլար կոնծած են:
Վալենսիայէն Դարբինեան, որուն դէմ կան 57 քրէական ամբաստանութիւններ, կրնայ մինչեւ 973 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: Շարոպետրոսեան կրնայ մինչեւ 60 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ, իսկ Փարսադանեան՝ 30 տարուան:
Դրամատնային գողութեանց կողքին, յանցագործները նաեւ սպառնալիքով գումարներ խլած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներէ ու նոյնիսկ փրկագին ստանալու համար մարդոց առեւանգած են:
«Armenian Power»ի անդամներուն դէմ ամբաստանութիւններ սկսած են ներկայացուելու 2011էն եւ հետեւանք էին զանազան հետաքննութիւններու, որոնց մասնակցած էին դաշնակցային, Կլենտէյլի, Լոս Անճելըսի եւ տեղական այլ ապահովական մարմիններ:
Ցարդ, քրէական գործեր սկսած են խմբաւորման շուրջ 100 անդամներու դէմ, որոնցմէ 85ը դատապարտուած է: Երկու այլ յանցագործներու դատավարութիւնը կը շարունակուի, իսկ երկու ուրիշներ կը հալածուին: Մէկ ուրիշի քրէական հետապնդումը կասեցուած է:
Ըստ ամբաստանութեանց՝ հայկական հրոսակախումբը համագործակցած է մեքսիքական, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս գործող ապօրինի հայ խմբաւորումներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.