ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան ընդունած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ Արցախ ժամանած Արժանթինահայ գաղութէն խումբ մը անդամներ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին համաձայն՝ 3 Մայիսին կայացած հանդիպման ընթացքին ողջունելով հիւրերը Արա Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրները եւ Սփիւռքի մասնակցութիւնը Արցախի տնտեսութեան զարգացման գործին:
Արժանթինահայ բարերարները Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են եւ վարչապետին ներկայացուցած Քարին Տակին մէջ համայնքային կեդրոնի կառուցման եւ մարզական դպրոցի վերանորոգման իրենց մտադրութիւնը: Վարչապետը ողջունած է բարերարներուն նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթած է անոնց:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ներդրումային շարք մը ծրագիրներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.